NORH

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

News HY ↓ 653 episodes

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-

Author

NORH

Category

News

Podcast website

podcasters.spotify.com

Latest episode

Sep 6, 2025

Where to listen?

Podcasts in the app Replaio Radio Coming soon

Podcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts

Get it on Google Play Install for free Android 5M+ downloads · 4.8 rating iOS soon

Episodes

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 31-ի ձայնագրեալ լրահոսը 31.08.2023

ՓԱՐԻԶ - Նախագահ Մաքրոն խոստացաւ «դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւն» մը՝ Բերձորի միջանցքին ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ Անթուան Պաղտիկեանի։ Ազերպայճանական կողմը Բերձորի միջանցքին գտնուող ապօրինի անցակէտին առեւանգած է երեք արցախցի ուսանողներ։ Ռուբէն Վարդանեան. «Լաւ լուրեր ունինք․ Լիխթընշթայնի Միքայէլ իշխանը պատրաստ է գլխաւորելու դէպի Արցախ մարդասիրական օդային օգնութիւնը»։

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.08.2023

Ա. Հիտալկօ, Զ. Պերթրան, Պ. Ռըթայօ եւ Ժ. Բարսեղեան Օգոստոս 30-ին Բերձորի միջանցք կ՚երթան։ Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն. «Խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտ է, բայց ան պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին»։ ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստանի նուիրուած յատուկ յայտագիր «Grand échiquier» հաղորդաշարէն։ Ազերպայճանական անցակէտին շտապօգնութեան կառքի վրայէն պարտադրած են քակել Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան պիտակը։

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը 26.08.2023

Ֆրանսական համայնքները կ՚ուզեն մատակարարել պաշարուած Արցախը։ Դաւիթ Բաբայեան. «Ակնայի ճամբան չի կրնար փոխարինել Բերձորի միջանցքը, փոխարինելուն պէս Արցախի վերջը պիտի գայ»։ Ազերպայճանի մէջ կը սպառնան Արցախէն վտարել Հայերը եւ «լուծել Ռուբէն Վարդանեանի հարցը»։ ՖԻՆԼԱՆՏԱ - Հայկական առաջին խաչքարի օծման եւ բացման արարողութիւնը։

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.08.2023

Ազերպայճան կրկին անգամ սրբապղծած է Դադիվանքը։ Լուիս Մորենօ Օքամփօ. «Արցախի Հայութեան դէմ Ազերպայճանի քաղաքականութիւնը ցեղասպանական ոճիր է»։ ՉԵԽԻԱ - Փրակայի 6-րդ շրջանի թաղապետութիւնը մերժած է Աթաթիւրքի արձանը տեղադրելու թրքական դեսպանութեան դիմումը։ Սպանիա կ՚աջակցի Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած հազար հայորդիներու։

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.08.2023

ԱՒՍՏՐԻԱ - ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին դիմաց խաղաղ պահանջատիրական ցոյց՝ յաջակցութիւն Արցախի։ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը՝ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումը ռազմական յանցագործութիւն համարած է։ ՄԱԿ-ի ժողովին քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։ Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ Բերձորի միջանցքով վերականգնելու ազատ տեղաշարժը։

«Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը 05.08.2023

«Ազերպայճանի բռնապետ Ալիեւ կ՚օգտուի անտարբերութենէն՝ սեղմելով իր մահաբեր օղակը հայկական Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»։ Ֆրանսացի ընտրեալներու նոր կոչը։ Դաշնակցական երիտասարդուհիին Հայաստան մուտքը արգիլուած է։ Երեւանի մէջ բացուած է Հայրենադարձութեան եւ համարկումի առաջին կեդրոնը։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանին անմիջապէս վերաբանալու Բերձորի միջանցքը։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.07.2023

ՖՐԱՆՍԱ - Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը։ «Սնունդ կեանքի համար». 19 բեռնատարներ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը Արցախ փոխադրելու համար Երեւանէն ճամբայ ելած են դէպի Կոռնիձոր։ Իրանի «Azad» համալսարանին մէջ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժին բացուած է. Թուրքիա դժգոհ է։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.07.2023

Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը. Հացի երկար շարքեր, երթեւեկութեան միջոցները չեն բանիր, աղիքային վարակի խնդիր կայ…։ Արցախի Պետական նախարար. «Կարմիր Խաչը կրցած է համոզել Ազերպայճանցիները, որ անցակէտին բժշկական քննութիւնը գոնէ տեսախցիկներու առջեւ չկատարուի»։ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի բնակչութեան վերաբնակեցման հարցը չէ քննարկած։ Ալիեւ. «Ազերպայճանէն պիտի անցնի ոչ միայն Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երթուղին, այլեւ...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.07.2023

Պաշարուած Արցախ. մանկական հիւանդանոցը՝ ճգնաժամի շեմին։ Փաշինեան. «Ազերպայճանի հետ նոր պատերազմը շատ հաւանական է, քանի տակաւին չէ ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը»։ Արցախցի լրագրողներուն կոչը՝  իրենց միջազգային գործընկերներուն՝ «Ներկայացուցէ՛ք՝ ձեզ Շուշի հրաւիրողներուն ու կերակրողներուն իրական դէմքը. դժոխքի կողքին կեղծ դրախտի մասին հաղորդելը ո՛չ մարդկային է, ո՛չ մասնագիտական, ո՛չ օրինական»։ ԵՐԵՒ...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22.07.2023

ՖՐԱՆՍԱ - Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերը կը պահանջեն Սիւնիքի մարզին մէջ բանալ Ֆրանսայի հիւպատոսական ներկայացուցչութիւն։ ՊՐԻՒՍԷԼ  - ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Շառլ Միշէլի յայտարարութիւնը։ Գանատա կը միանայ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20.07.2023

ԱՐՑԱԽ - Արայիկ Յարութիւնեան կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ծայր առած շարժումին եւ նստացոյց կը սկսի։ ԵՐԵՒԱՆ - Արցախցի փոքրիկները ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ հնչեցուցած են Արցախի փառերգը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Բիւրականի մէջ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին բացումը կը կատարուի։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Լոնտոնի Հայկական ամառնային 13-րդ փառատօնը։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.07.2023

Հարիւրաւոր եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններու կոչը եւրոպացի ղեկավարներուն։ Անոնք կը պահանջեն պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի նկատմամբ, ապահովել Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։ Մոսկուա կոչ ըրած է Պաքուին անմիջապէս բանալու Բերձորի միջանցքը։ Փարիզ կը մեղադրէ Թուրքիան, Իրանն ու Ազերպայճանը՝ Ֆրանսայի խռովութիւնները շահագործելու մեղքով։ Այաթոլլահ Խամենէիի աւագ խորհրդական Վելայաթի. «Նախիջևան...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13.07.2023

Մահ՝ աշխարհահռչակ գիտնական փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի։ Ազերպայճան ամբողջութեամբ արգիլած է Բերձորի միջանցքով առանց այդ ալ սահմանափակ երթեւեկը։ Պայրամով լիրբ պատասխան մը տուած է Զախարովայի կոչին։ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի թղթածրարին հետքերով։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.07.2023

Օլիվիէ Տըքոթինյի Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան նշանակուած է։ Արցախի մէջ կ՚արգիլուի փողոցի առեւտուրը։ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Թիւմեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ օծման եւ հայ-ռուսական բարեկամութեան պարտէզին ու մարշալ Բաղրամեանի կիսանդիի բացման արարողութիւնները։ Անի Բադալեան. «Լա Հէյի Արդարադատութեան ատեանի որոշումը յստակ է եւ պէտք է ամբողջութեամբ գործադրուի Ազերպայճանի կողմէ»։ Կ...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը 08.07.2023

ԱՐՑԱԽ - Մետաքսէ Յակոբեան. «Հացից բացի ոչինչ չկայ խանութներում, սարսափելի խայտառակ վիճակ է»։ Միրզոյեան եւ Գոլոնա քննարկած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Սումգայիթի դատարանին մէջ, առեւանգուած երկու հայ զինուորներուն վերջնական մեղադրանք յարուցուած է։ ՓԱՐԻԶ - Հայկական շարժարուեստի շուրջ Ինալքոյի՝ հայկական ուսումնասիրութիւններուն նուի...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06.07.2023

ԼԻԲԱՆԱՆ - Մահ՝ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ դպրոցներու բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանի։ Եգիպտահայ երիտասարդները Արարատի գագաթին ծածանած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դրօշները։ ԱՄՆ-ու Հայերը կոչ ուղղած են Disney-ին՝ յայտագրէն ջնջելու Աթաթիւրքի կեանքի մասին յառաջիկային ցուցադրուելիք ֆիլմաշարը։ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ - Լա Հէյի մէջ Բողոքի ցոյց՝ յաջակցութիւն Արցախի։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ–ՃԱՓՈՆ - Ճափոնի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ ու տու...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.07.2023

ԱՐՑԱԽ - Կարկուտն ու հեղեղը մեծ վնասներ պատճառած են Ասկերանի ու Մարտակերտի շրջանի շարք մը գիւղերուն։ ԱՐՑԱԽ - Նոր Ղազանչիի վարելահողերու մեծ մասը մնացած է անմշակ։ Նախագահ Մաքրոնի՝ Մարսիլիոյ մէջ ըրած յայտարարութիւններէն դժգոհ են թէ՛ Պաքու, թէ՛ ալ …Երեւան։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Բարեսիրական համերգ՝ յաջակցութիւն Կապանի արուեստի կեդրոնին։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 1-ի ձայնագրեալ լրահոսը 01.07.2023

Երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեան Արցախէն տեսակապով ներկայացուցած է հոն տիրող կացութիւնը՝ «լոյս չկայ, խանութները դատարկ են»։ ՓԱՐԻԶ - «Ներսէս Շնորհալի. Հրեշտակ երկնաւոր» խորագիրը կրող գիտաժողով եւ ցուցահանդէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ։ ՓԱՐԻԶ - Անզուգական «Հովեր» երգձախումբին ելոյթը։ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ - Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ Ամսթերտամի մէջ։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.06.2023

ՖՐԱՆՍԱ - Պորտօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին բացումը կատարուած է։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ  ՇՐՋԱՆ - «Դպրոցասէր»  վարժարանի  շրջանաւարտներու  վկայականներու  յանձնումի  արարողութիւնը։ ԵՐԵՒԱՆ - Սերկեյ Ղազարեան ընդունած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Ռընէ Ռուքէն։ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանը կ՚ամփոփէ ուսումնական տարին։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ա...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.06.2023

ՖՐԱՆՍԱ - Պորտօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին բացումը կատարուած է։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ  ՇՐՋԱՆ - «Դպրոցասէր»  վարժարանի  շրջանաւարտներու  վկայականներու  յանձնումի  արարողութիւնը։ ԵՐԵՒԱՆ - Սերկեյ Ղազարեան ընդունած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Ռընէ Ռուքէն։ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանը կ՚ամփոփէ ուսումնական տարին։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ա...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.06.2023

Ժ.Ք. Պիւիսոն - «120.000 Հայեր բոլորովին կտրուած են աշխարհէն։ Միջազգային միջամտութիւն մը կը դառնայ կենսական»։ ՖՐԱՆՍԱ - «Շարժում»-ի գործիչ Լոռիս Թիւֆանեան վեց ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։ ԺԸՆԵՒ - Գալլասի 100-ամեակի փառահեղ յոբելեանին՝ Փլասիտօ Տոմինկօ, Վարդուհի Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Այվազեան անմոռանալի պահեր պարգեւած են հանդիսատեսին։ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոերեսփոխան Փօլ Կեւըն. «Պէտք է փաստահաւաք խու...

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը 24.06.2023

Փարիզ - Հայրենի «Խազեր» եւ ֆրանսական չորս երգչախումբերու միասնական համերգը։ Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան. «Որոշ մթերքներու պակասը զգալի է, բայց պէտք չէ խուճապի մատնուիլ»։ ԱՄՆ-ու դեսպան Պրաունպեք՝ Արցախի հարցին շուրջ ունկնդրութիւններուն. «Շրջափակման վերջ չտալու պարագային Պաքուի դէմ պէտք է կիրարկուին 907-րդ յօդուածի լրացումով նախատեսուած պատիժները»։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը 24.06.2023

Փարիզ - Հայրենի «Խազեր» եւ ֆրանսական չորս երգչախումբերու միասնական համերգը։ Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան. «Որոշ մթերքներու պակասը զգալի է, բայց պէտք չէ խուճապի մատնուիլ»։ ԱՄՆ-ու դեսպան Պրաունպեք՝ Արցախի հարցին շուրջ ունկնդրութիւններուն. «Շրջափակման վերջ չտալու պարագային Պաքուի դէմ պէտք է կիրարկուին 907-րդ յօդուածի լրացումով նախատեսուած պատիժները»։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22.06.2023

Փարիզեան շրջան - Գլամարի մէջ կազմակերպուած «Հայաստանի օր»-ը։ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - Հայկական ֆիլմերը՝ Ժընեւի արեւելեան ֆիլմերու միջազգային 18-րդ փառատօնին։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Կարինի (Էրզրում) մէջ հակահայկական կեդրոն բացուած է։ Իրանցի փորձագէտ. «Զանգեզուրի միջանցքի գործարկման պարագային Հայաստան կը կորսնցնէ հարաւի հետ կապը»։

«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20.06.2023

ՖՐԱՆՍԱ - Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի ամփոփուի Պանթէոնի մէջ։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի հարցը։ ՓԱՐԻԶ - «Մայրիկ» խորագրեալ բարձրարուեստ համերգը։ ՖՐԱՆՍԱ - Օլիվիէ Ժիրուի մարզաշապիկին աճուրդով վաճառքէն գոյացած գումարը կը տրամադրուի Արցախին։ ՓԱՐԻԶ - Հայկական 10 սթարթափեր կը մասնակցին «VivaTech-2023»-ին։

Listen to the Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս podcast in Replaio

Radio and podcasts in one app - free, with no sign-up. Install today and do not miss the launch

Get it on Google Play

Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.