NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը 26.10.2023 6:32
Փարիզեան շրջան - Փալեզոյի հայկական միութեան շաբաթավերջը՝ ի նպաստ Արցախահայութեան։ Գերմանիա - Հայաստան առանձին տաղաւարով մասնակցեցաւ Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին։ Նուպար և Աննա Աֆէեանները 2 միլիոն տոլար կը յատկացնեն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Արժանթին մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար։
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը 24.10.2023 6:03
Սամուէլ Շահրամանեան. «Ամէն ինչ մեզմէ կախեալ չէ, բայց պիտի փորձենք լուծում գտնել ձեր խնդիրներուն»։ Հայաստան-Ֆրանսա - Վիէնի քաղաքապետ Թիէրի Քովաքսի այցելութիւնը Սիւնիքի մարզ։ Միացեալ Թագաւորութիւն - Դեսպան Ներսէսեան մասնակցած է Սաութվարքի եպիսկոպոսի կազմակերպած՝ Արցախեան կացութեան նուիրուած քննարկումին։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ միջազգային համաժողով՝ նուիրուած Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.10.2023 6:16
Արամ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս»-ը՝ Փարիզի եւ Սթրազպուրկի բեմերուն վրայ։ Փարիզի հանրայայտ Օտէոն թատրոնը առաջին անգամ հանդէս կու գայ երեւանեան բեմին վրայ։ ԳԱՆԱՏԱ - Միջադէպ՝ Թորոնթոյի մէջ «Հայաստան» հիմնադրամի դրամահաւաքի ընթացքին։ Սաակաշվիլիի յորդորը՝ Փաշինեանին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.10.2023 8:29
Ալիեւի օգնական. «Ազերպայճան Սիւնիքը կը ճանչնայ որպէս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք»։ Թել-Ավիվ – Երեւան յատուկ թռիչքով Իսրայէլէն Հայաստան փոխադրուած են 149 Հայեր եւ Հայաստանի քաղաքացիներ։ «ԵՄ-ի մարդասիրական օդային կամուրջ» Պաղեստինին, բայց Արցախին՝ ոչ։ ԳԱՆԱՏԱ - Արամ Շուժունեան Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու համակարգող նշանակուած է։ ՀՌՈՄ - Իտալացի լրագրողներուն եւ Սուրբ Աթոռի...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 17-ի ձայնագրեալ լրահոսը 17.10.2023 6:33
Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 80 հազար հոգի արդէն ստացած է հարիւրհազարական դրամ։ Ֆրանսա 1 միլիոն եւրօ յատկացուցած է Պարէնի համաշխարհային ծրագրին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու նպատակով։ Ռուսաստան 6 թոն մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Հայաստան։ Պոլսոյ մէջ կը վերանորոգուի «Քամփ Արմէն»-ը, ուր մեծցած է Հրանդ Տինք։
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.10.2023 6:42
ՖՐԱՆՍԱ - Գաթրին Գոլոնա. «Ազերպայճան ծրագրած էր Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100.000 Հայերուն տեղահանութիւնը»։ Փաշինեան. «Հայաստանն ալ Ազերպայճանի կողմէ գրաւուած 8 գիւղի խնդիր ունի»։ ԺԸՆԵՒ - ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը ներկայացուցած է միատեղ յայտարարութիւն մը՝ Արցախի կացութեան վերաբերեալ։ Թումոյի նոր նախաձեռնութիւնը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած պատանիներուն աջակցելու համար։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Սերկէյ Սմբ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.10.2023 6:58
ԵՄ-ի մէջ դեսպան Տիգրան Բալայեան. «Մենք այժմ կը գտնուինք Ազերպայճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»։ Պաքուի դատարանը մերժած է Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը։ Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար Շահրիար Հեյտարի. «Ղարաբաղը աւանդաբար պատկանած է Հայաստանին»։ Սերժ Թանկեան կ՚անդրադառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակումին՝ Արցախի պարագայի յիշատակումով։ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Երկար տարիներու սպասումէ ետք կ՚իրականանա...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 10-ի ձայնագրեալ լրահոսը 10.10.2023 9:40
Համասի յարձակումէն ետք՝ Երուսաղէմի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, հայ համայնքէն տուժած չկայ։ ՖՐԱՆՍԱ - Ուքրաինայի դրօշը վերցուած է Վիէնի քաղաքապետարանի ճակատէն։ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ. «Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութենէն ետք, ԵՄ-ը պէտք չէ կազ գնէ Ազերպայճանէն»։ ՄԱԿ-ը 100 միլիոն տոլար հանգանակելու կոչ ըրած է Արցախէն տեղահանուածներուն օգնելու համար։ Փաշինեան Հոկտեմբեր 18-ին ելոյթ կ՚ունենայ Եւրոպակ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.10.2023 6:45
Արայիկ Յարութիւնեանին կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւն։ Ազերպայճան կեղծ մեղադրանքներով բանտարկած է Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Դաւիթ Իշխանեանը։ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Հայաստան կը գտնուի։ Եւրոպայէն 20 միլիոն եւրօ եւս Արցախէն տեղահանուածներուն։ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը եւ պատիժներ կը պահանջէ։ Փայլան Հայաստան կ՚այցելէ։ Ազ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը 05.10.2023 7:53
Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ վերջին պատարագը մատուցուած է… Նախարար Գոլոնա Հայաստան իր այցին յայտարարեց, թէ Ֆրանսա ռազմական սարքեր պիտի մատակարարէ Հայաստանին։ Փարիզի քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է Արցախի հայերուն պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ բանաձև մը։ Արցախէն վերջին մեկնողներէն եղած են նաեւ հոգեւորականները։ Ազերպայճան կրակ բացած է Կութի հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ փո...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 3-ի ձայնագրեալ լրահոսը 03.10.2023 12:06
Արցախահայութեան զօրակցութեան համահայկական հանրահաւաքները Աւելի քան 10.000 ցուցարար Պրիւսէլի մէջ։ Վհուկներու որսը կը շարունակուի։ Ազերպայճանի բռնապետին հրահանգով գերեվարուած ու բանտարկուած են Արցախի պաշտօնատարներ։ Ֆրանսա-Ազերպայճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Երեւանի մէջ երթ՝ յաջակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի այլ գործիչներու...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը 30.09.2023 8:52
Արցախէն Հայաստան հասնող տեղահանուածներու թիւը ժամ առ ժամ կը մեծնայ… Սեպտեմբեր 28, երեկոյեան ժամը 6-ի տուեալներով Արցախէն Հայաստան բռնագաղթածներուն թիւը հասած էր 74.000-ի։ Այս թիւը ժամ առ ժամ կը մեծնայ…։ 2024 Յունուար 1-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ձերբակալած ու գերեվարած են Ռուբէն Վարդանեանը։ CCAF. «Ռուբէն Վարդանեանի կամայական ձերբակալու...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28.09.2023 2:42
Ստեփանակերտի յարակից շրջանը գտնուող պենզինի պահեստին մէջ հրդեհ ծագած է. կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Ասկերանի քաղաքապետ. «Զոհեր շատ ունենք․ մինչեւ վերջին մարդը դուրս չգայ, ես դուրս չեմ գայ»։ Ցարդ Արցախէն Հայաստան մուտք գործած են 19.000 բռնի տեղահանուածներ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը 26.09.2023 4:34
Դաւիթ Բաբայեան. «Մեր ժողովուրդը չի ուզում ապրել Ադրբեջանի կազմում, 99,9%-ը նախընտրում է լքել մեր պատմական հողերը» ։ Միրզոյեան պահանջեց ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ տեղակայել խաղաղապահներ։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յետաձգած է Միւռոնօրհնէքը եւ Հոկտեմբեր 1-ը յայտարարած Արցախի համար համազգային աղօթքի օր։ Ազերիները վերցուցած ու ոչնչացուցած են «Տանկ-յուշարձանը»։ Սառնաղբիւրի 5 բնակիչ զոհուած է, 15-ը՝ վիրաւորու...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 23.09.2023 4:07
Աշխարհէն մեկուսացուած, հիւծած Արցախը ի վերջոյ տեղի տուաւ։ Ստեփանակերտ կ՚ընդունի հրադադարի վերաբերեալ խաղաղապահներուն առաջարկը։ Արցախի մէջ կայ առնուազն 200 զոհ եւ աւելի քան 400 վիրաւոր։ Զոհուած զինուորներու ծնողները Սեպտեմբերի 20-ի գիշերը լուսցուցած են «Եռաբլուր»-ի մէջ։ Ռուբէն Վարդանեան. »Շտապ պահանջում ենք ՄԱԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել Արցախ»։ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան. «Ժամանակն...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.09.2023 4:56
Ազերպայճան ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած է Արցախի դէմ։ Կան արդէն տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ։ Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական յարձակումը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ կը պահանջէ։ Պաքու Երեւանէն պահանջեր էր չընդլայնել ռազմական ներուժը, լուծարել Արցախի պետական կառոյցները։ UNESCO-ն ընկերային ցանցերու իր էջերէն ջնջած է «Քոչարի»-ի՝ ազերպայճшնական պատկանելիութե...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.09.2023 8:25
ԵՐԵՒԱՆ - Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութիւնը։ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը ԵՄ-ի դէտերուն հետ այցելած է հայ–ազերպայճանական սահմանային գօտի։ Իրանի խորհրդարանի երեսփոխանը նախազգուշացուցած է Իլհամ Ալիեւը. «Որեւէ ռազմական գործողութեան՝ տասնապատիկ աւելիով կը հակազդենք»։ Սուրէն Պապիկեան եւ ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան զօրավարները հետեւա...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.09.2023 8:25
ԵՐԵՒԱՆ - Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութիւնը։ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը ԵՄ-ի դէտերուն հետ այցելած է հայ–ազերպայճանական սահմանային գօտի։ Իրանի խորհրդարանի երեսփոխանը նախազգուշացուցած է Իլհամ Ալիեւը. «Որեւէ ռազմական գործողութեան՝ տասնապատիկ աւելիով կը հակազդենք»։ Սուրէն Պապիկեան եւ ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան զօրավարները հետեւա...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 16.09.2023 7:38
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս այցելած է Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը. «Սա մերօրեայ ողբերգութիւն է»։ Ֆրանսացի երեսփոխան Ժան-Լուի Պուռլանժի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Ֆրանսայի դեսպանը։ Փաշինեան. «Հայաստան Հռոմի համաձայնագիրը պիտի վաւերացնէ ամբողջութեամբ»։ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Ռոմանօ Փրոտիին շնորհուած է Երեւանի Պետական համ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.09.2023 8:14
Ռուսաստանի Կարմիր Խաչի ուղարկած մարդասիրական օգնութեան բեռնակառքը Ակնայ-Ասկերան ճամբով հասած է Ստեփանակերտ։ Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Փարիզի հայկական փառատօնը։ ԱՄՆ կոչ ըրած է միաժամանակ բանալու թէ՛ Բերձորի միջանցքը, թէ՛ Ակնայէն անցնող ճամբան։
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.09.2023 6:04
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նորաստեղծ դրօշը օրհնուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ։ Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն։ Վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է աշխարհի կարգ մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Ռաիսի՝ Փաշինեանին. «Տարածաշրջանին մէջ որեւէ փոփոխութիւն Իրանի համար կարմիր գիծ կը համարուի»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը 09.09.2023 5:39
Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարները քննարկած են նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ միջոցները։ Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն կը մասնակցին 85 ամերիկացի ու 175 հայաստանցի զինուորականներ։ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւն է՝ 2 միլիոն 932 հազար 731 հոգի։ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ մը հրապարակած է ազերպայճանական զինուժի կեդրոնացման մասին։ Ժ.-Ք. Պիւիսո...
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.09.2023 4:55
Նախագահ Մաքրոն կը ծրագրէ ի մօտոյ Հայաստան այցելել։ «Մոնտ». «Պէտք է դադրի Ազերպայճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղին պարտադրած շրջափակումը»։ Ֆրանսա - Մահ՝ Ժիրայր Տէր Յարութիւնեանի։ Ազերպայճանական կողմը կրկին կրակած է «Սիւնիք» օդակայանի ուղղութեամբ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը 05.09.2023 5:10
Սեպտեմբեր 1-ին, Արցախի դպրոցներուն մէջ հնչած է վերամուտի առաջին զանգը։ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Հանրապետական մաղթանք եւ յիշատակի երթ՝ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով։ Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու մէջ հանրահաւաքներ՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի։ ՓԱՐԻԶ - Նոր Սերունդի տղոց նստացոյցը՝ Ազերպայճանի դեսպանատան առջեւ։ Աբխազիոյ մէջ վերանորոգուած հայկական դպրոցին բացումը կատարուած է։
«Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը 02.09.2023 6:37
ՖՐԱՆՍԱ – ԱՐՑԱԽ - Ազերպայճան արգիլած է Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութեան Արցախ մուտքը’ Փարիզի քաղաքապետուհին Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն որակած է’ Զաւիէ Պերթրան. «Ազերպայճան թոյլ չի տար, որ Արցախահայերը ապրին եւ կ՚արհամարէ միջազգային իրաւունքը»’ Ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ. «Կը պահանջենք, որ Լաչինի միջանցքը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնուի»։ Արցախի նախագահը կը հրաժարի իր պաշտօն...
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.