NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 03.01.2024 6:52
Անն Լոռանս Փեթէլ. «Ֆրանսա ազերպայճանական կազ չի գներ եւ կ՚օգնէ Հայաստանին պաշտպանուելու»։ Ֆրանսա խստօրէն կը դատապարտէ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ հայ համայնքին դէմ գործադրուած բռնութիւնները։ Արամ Ա. կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ հայ համայնքին։ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՚ողջունէ Արցախահայերու ինքնորոշման եւ վերադարձի իրաւունքներու վերաբերեալ ԱՄՆ-ու նա...
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.12.2023 9:07
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Շուրջ 30 դիմակաւոր, փայտերով զինուած, արտասուաբեր նռնակներով յարձակած են Սաղիմահայերու վրայ (տեսանիւթ)։ Թէոդոսիոյ վրայ ուքրաինական յարձակման հետեւանքով վնասուած է հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր թաղուած է Այվազովսկի։ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք Ազնաւուրի թանգարանը պիտի պատմէ նաեւ Հրեաներու հանդէպ մեծ արուեստագէտին սիրոյ մասին։ Կազայի գօտիին մէջ զոհուած է հայկական արմատներ ունեցող Նի...
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.12.2023 6:34
ՓԱՐԻԶ - «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով գիտաժողովը։ Փրանկիսկոս պապ. «Թող մօտենայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան օրը»…։ ՖՐԱՆՍԱ - Էվիան քաղաքի «Ազերպայճանական պարտէզ»-ի մասին բոլոր յիշատակումները վերցուած են։ ՓԱՐԻԶ - Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան պարգեւատրուեցաւ «Médaille Grand Vermeil de Paris» շքանշանով։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22.12.2023 13:33
ՎՐԱՍՏԱՆ - Ռուսթավիի մէջ բացուած է Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակը։ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Սրբազան հօր ձեռամբ Գամիշլիի մէջ բացումը կատարուած է վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահին։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Երուսաղէմի եկեղեցիները համախմբուած են յանուն խաղաղութեան։ Շուէտի հայկական եկեղեցին թալանուած է։ ՓԱՐԻԶ - Արցախցի րեխաներուն նուիրուած բարեսիրական համերգ։ Փրանկիսկոս պապը ընդունած է Նարեկ արք. Ալեմէզեան...
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.12.2023 7:49
ՖՐԱՆՍԱ - Ռընօ Միւզըլիէ եւ ութ բարձրաստիճան ընտրեալներ բուռն կերպով կ՚ընդդիմանան COP29-ը Ազերպայճանի մէջ կազմակերպելու առաջարկին։ ՓԱՐԻԶ - Էլիզէի պարտէզներէն հատուած մը պիտի մկրտուի Ազնաւուրի անունով։ Լուիս Օքամփօ. «Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներու գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մասն է»։ Փաշինեան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն մասին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.12.2023 7:58
ՓԱՐԻԶ - Թուայնացումը կը հասնի Սամուէլեան գրատան արխիւներու փրկութեան։ Ալիեւ կրկին քննադատած է Ֆրանսան, պնդելով թէ Փարիզ կը փորձէ «Հայերէն աւելի Հայ ըլլալ»։ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուքը։ Տիգրան Առաքելեանի «Զաքօ» կենդանապատկեր ֆիլմը հրաւիրուած է Անսիի միջազգային փառատօն։ Մեծանուն գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 95-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Գիւմրիի մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 15.12.2023 9:09
Հայ 32 ռազմագերիները վերադարձած են Հայաստան։ ՓԱՐԻԶ - «Շուշին` Կովկասի մարգարիտը» երկօրեայ գիտաժողովը՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական շէնքին մէջ։ ՖՐԱՆՍԱ - Ծերակոյտը ներկայացուցած է Ազերպայճանի դատապարտումը եւ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումը պահանջող միջկուսակցական բանաձեւի առաջարկ մը։ Լեմքին հիմնարկը մտահոգ է Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասի խնդրով։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13.12.2023 5:55
Նախագահ Մաքրոն գնահատած է Հայաստանի խիզախութիւնը։ ԵԽԽՎ-ի մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավարը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ «Առժամեայ հիւանդանոց, պաշտպանական սարքաւորումներ…» - Փեթեր Սթանօ պարզաբանած է, թէ ինչ կրնայ ենթադրել եւրոպական աջակցութիւնը Հայաստանին։ ՊԵԼՃԻՔԱ - Տիրայր վրդ. Յակոբեան նշանակուած է Անվերսի հոգեւոր հովիւ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.12.2023 9:51
Ֆրանսա 15 միլիոն եւրօ եւս հրատապ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն։ Թուրքերը եւ Ազերիները կը շարունակեն փայփայել Զանգեզուրի երազանքը։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը այցելած է պատնէշապատուած «Կովերու պարտէզ»։ 2023 Յունուարէն Նոյեմբեր 2,2 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը 09.12.2023 10:25
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ - Ազերպայճան ազատ կ՚արձակէ 32 հայ ռազմագերիներ։ ՓԱՐԻԶ - «Մեծն Արեւելք»-ի կազմակերպած «Հայաստան՝ վտանգի տակ» խորագրեալ համաժողովը՝ բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու մասնակցութեամբ։ ՖՐԱՆՍԱ - Հանգիստ՝ Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեանի։ Գիւմրիի դարբնութեան աւանդութիւնը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ։ Հայաստան կը մասնակցի «Եւրոտեսիլ 2024»-ին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.12.2023 9:03
Ազերպայճանի զինեալներուն արձակած գնդակէն հայ փոխգնդապետ մը նահատակուած է։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Ժոֆրուա Տիտիէն։ ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Հայագիտական միջազգային համաժողով եւ ցուցահանդէս՝ Ուտինէի համալսարանին մէջ։ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Եպիսկոպոսական պատարագ Պասրայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը 05.12.2023 9:58
ՖՐԱՆՍԱ - Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի շնորհուած է հեղինակաւոր «Հանրի-Կալ» մրցանակը։ ՖՐԱՆՍԱ - Դեսպան Տոլմաջեանի հանդիպումը Պրի-սիւռ-Մառնի քաղաքապետ Ասլանկիւլի հետ։ ՄԱԿ-ի զեկուցող. «Ազերպայճան կը ծրագրէ ոչնչացնել Արցախի մէջ Հայերու ներկայութեան բոլոր հետքերը»։ «ՏաԹեւեր» ճոպանուղին ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյնը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Դեկտեմբեր 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը 02.12.2023 6:24
Հայ դատի բարեկամներու տերեւաթափը կը շարունակուի։ Մահ՝ Միշէլը Ռիվազիի։ Ֆրանսայի գիւղական համայնքներու ղեկավարները այցելած են Իջեւանի թիւ 1 դպրոցը։ ԻՏԱԼԻԱ-ՀՌՈՄ - Համաժողով՝ «Հայ ժողովուրդի անվերջանալի ողբերգութիւնը» խորագրով։ Սիրանոյշ Սահակեան. «Սա պահուս, պաշտօնական տուեալներով Ազերպայճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին 55 Հայեր, իսկ նուազագոյնը 80 գերիներու ճակատագիրը անորոշ է»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28.11.2023 13:41
Հայաստանի դեսպանին ելոյթը՝ տասը հազար ֆրանսացի ընտրեալներու ներկայութեան։ «Քեզ համար, Հայաստան» 26–րդ թելեթոնի նախնական արդիւնքներու ամփոփումը։ Ֆրանսահայութիւնը կորսնցուց անկեղծ բարեկամ մը - Մահ՝ Ժերար Գոլոնի։ Մանկական Եւրոտեսիլ - Հայաստան գրաւեց 3-րդ տեղը։ Ալֆորվիլի Մշակոյթի տան գիրքերու ամէնամեայ 18-րդ տօնավաճառը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.11.2023 7:25
Ազնաւուրի եւ Փարաջանովի 100-ամեակները ընդգրկուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր անձերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ։ Նիւ Եորքի՝ հանրային գրադարանի հետազօտական կեդրոնը՝ կոչուեցաւ Վարդան Գրիգորեանի անունով։ Գերմանիոյ կառավարութիւնը 84,6 միլիոն եւրօ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին։ Թուրքիա ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 23.11.2023 9:18
ԱՄՆ Հայաստանին կը տրամադրէ աւելի քան 4 միլիոն տոլար՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու նպատակով։ ՖՐԱՆՍԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդէ Կապանի եւ Սէն թ՚Էթիէնի կապերը։ Արտաւազդ Փելեշեանի «Դու ֆիլմեր արա ու լռիր» գիրքին շնորհահանդէսը։ ՉԵԽԻԱ - Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն փունջ մը ներկայացուած է Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ։ ՆԻՍ - «Մանկական Եւրոտեսիլ 2023»-ի...
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.11.2023 5:22
Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ֆոնեթոնին հանգանակուեցաւ շուրջ 2,3 միլիոն եւրօ։ Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ պատուոյ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ Արցախի ժողովուրդին։ ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է «Հայաստանի պաշտպանութեան քայլ»-ը։ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը Պաքուին կը հրահանգէ երաշխաւորել բնակիչներու ապահով վերադարձը Արցախ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.11.2023 8:03
ԹՈՒՐՔԻԱ - Հրանդ Տինքը սպանած Օկիւն Սամասթ ազատ արձակուած է, բանտին մէջ «լաւ վարք» ունենալուն համար։ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ - 2024 Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական ապատեղեկատուական արշաւը։ ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Սուրիոյ նախագահը ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Ալեքսանդր Սպենդիարեանին եւ Լազար (Ղազարոս) Սարեանին նուիրուած համերգ՝ Քէօլնի մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 16.11.2023 6:29
Ֆրանսական «Պասթիոն» զրահակառքերը հասած են Հայաստան։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքին բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ ՊՐԻՒՍԷԼ - «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսը, Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեան։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.11.2023 12:14
ՓԱՐԻԶ - Անն Հիտալկօ կոչ կ՚ուղղէ ազատ արձակելու Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ արտասանած է բացման աղօթքը։ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն. «Անարգանք ու խայտառակութիւն. ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Ազերպայճանը ընտրած է իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին»։ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ - Պղծուած է Իլինկի՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։ ԻՏԱԼԻԱ - Նկարիչ Ժ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը 09.11.2023 6:50
Փարիզի քաղաքապետին հանդիպումը Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Լարուած կացութիւն «Կովերու պարտէզ» կալուածին մէջ։ Զուիցերիա 1,5 միլիոն զուիցերական ֆրանք պիտի յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն օժանդակող մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Պայրամով. «Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, երբ Երեւան ընդունի Պաքուի պայմանները»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.11.2023 10:58
Մայր Աթոռը որոշում կայացուցած է պահպանելու Արցախի թեմը։ ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստանի դեսպանը Էքս-ան–Փրովանսի մէջ հանդիպում ունեցած է քաղաքապետին հետ եւ այցելած՝ Թորոսի ցուցահանդէսը։ ԻՏԱԼԻԱ - Իտալահայ գրող, կենսաբան Սերճիօ Ծերունեանի “Hayrig” գիրքի շնորհահանդէսը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան նշած է Լեւոն արք. Զէքիեանի 80-ամեակը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Նոյեմբեր 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.11.2023 7:31
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը չեղեալ կը նկատէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ելոյթը՝ Նէօյի-սիւռ-Սէնի քաղաքապետարանին մէջ։ Չորս ամիս տեւած քննութենէ ետք Սերգէյ Սմբատեան անմեղ ճանչցուած է։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ՝ Շթութկարթի մէջ։ Ռուստամ Բադասեան. «Հայ-իրանական սահմանին նոր անցակէտ պիտի կառուցուի»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 31-ի ձայնագրեալ լրահոսը 31.10.2023 8:26
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարները քննարկած են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը։ Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարին յայտարարութիւնը՝ Գառնիի եւ Նիմ քաղաքի տաճարներու եղբայրացման մասին։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Արդէն սկսած են աշխատանքները «Կովերու պարտէզ»-ին մէջ։ Փոխնախարար Վարդանեան. «Հայաստան պատրաստ է կազ գնելու Ազերպայճանէն՝ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելէ ետք»...
«Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28.10.2023 6:28
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարին Հայաստան այցելութիւնը։ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ - Խաչքարի օծման արարողութիւն` Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, նուիրուած՝ 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին։ Երեւանի մէջ կատարուած է Գանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումը։ ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի բանբեր ընտրուած է Մայք Ճոնսըն։
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.