NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 17-ի ձայնագրեալ լրահոսը 17.06.2023 11:31
ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի։ Եւրոպական խորհրդարանի նիստին՝ երբ երեսփոխան Պելամի կոչ ըրած է պատիժներ սահմանելու Ազերպայճանի դէմ՝ Պորէլ հանած է ականջակալներն ու լռած…։ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ կ՚ուղղէ չայցելելու Հայաստանի սահմանամերձ որոշ շրջաններ, Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ։ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ամավերջի բացառիկ հանդէսը։ «Ոսկէ ծիրան»-ի բացումը կը կատարուի Ճես...
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 15-ի ձայնագրեալ լրահոսը 15.06.2023 11:08
Արցախցի երախաներու կոչը՝ աշխարհին - «Ես հայ մնալու իրաւունք ունեմ» ‘ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ - «Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով՝ որեւէ բան պարտադրելու Ազերպայճանին»’ Ալէն Սիմոնեան. «Սխալ եմ համարում Նեմեսիսի արձանի տեղադրումը, արտադատարանական կարգով հարց լուծելը չպէտք է խրախուսուի»’ «Փրկութիւն» ժապաւէնը արժանացած է ամերիկեան UMFF փառատօնի գլխաւոր մրցանակին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13.06.2023 8:15
ՑԱՒԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ…։ Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ մը՝ Արցախին մարդասիրական հրատապ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ։ ՖՐԱՆՍԱ - Դիւանագէտներու «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» հունձք։ Լիւքսեմպուրկի համայնքային խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջին անգամ կը մասնակցի հայ թեկնածու մը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 10-ի ձայնագրեալ լրահոսը 10.06.2023 8:34
Ականաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով ձեռնարկներ՝ Փարիզի եւ Սթրազպուրկի մէջ։ ՖՐԱՆՍԱ - Առաջին անգամ ըլլալով՝ հայ կին մը կ՚արժանանայ Cartier մրցանակին։ ԳԱՆԱՏԱ - Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը վարչապետ Թրիւտոյի հետ քննարկած են Արցախի շրջափակման հարցը։ Աշխատանքային հանդիպում Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ։ Հայաստան կը մասնակցի Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ-...
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը 08.06.2023 9:15
ՓԱՐԻԶ - Արցախի զօրակցութեան հանրահաւաք։ Դաւիթ Բաբայեան՝ Արարատ Միրզոյեանին. «Ձեզ լիազօրութիւն տուե՞լ են, որ Արցախը ճանաչէք Ազերպայճանի կազմում»։ Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց յանձնակատարը տեսակցած է բանտարկուած Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի հետ։ Ազերպայճանի իշխանութիւնները Նախիջեւանը կը նախապատրաստեն «Զանգեզուրի միջանցքի բացումին»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06.06.2023 6:47
Էլիզէի մամլոյ հաղորդագրութիւնը։ Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդի հաղորդագրութիւնը։ Թուրքիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպանը յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը շուտով կը բացուի»։ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Մոլտովայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 3-ի ձայնագրեալ լրահոսը 03.06.2023 6:02
Արցախ, 21-րդ դար... - Արդէն 6 ամիս է, որ 30 հազար երախայ կ՚ապրի իր իրաւունքներէն զրկուած, մնայուն վտանգի եւ պատերազմական սպառնալիքներու ներքոյ։ «Նոր Յառաջ» կը մասնակցի Երեւանի մանկական գիրքերու փառատօնին։ Արցախ - Շրջափակման հետեւանքով անասնաբուծութեան բնագաւառին մէջ խնդիրներ յառաջացած են։ Արամ Ա. կաթողիկոս Նուրհան պատրիարքի հետ քննարկած է «Կովերու պարտէզ»-ի շուրջ ծագած խնդիրը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Յունիս 1-ի ձայնագրեալ լրահոսը 01.06.2023 10:52
ՓԱՐԻԶ - Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած համերգ՝ «Cortot» սրահին մէջ։ Ալիեւի համաձայն՝ Արցախահայութեան համար մնացած է մէկ ճամբայ՝ «Ազերպայճանի օրէնքներուն ենթարկուիլ, պետական ստորոգելիները աղբանոց նետել եւ խորհրդարանը լուծարել»։ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին արգիլած են բարձրանալ Սարդարապատ, ան հետը ծաղիկները խոնարհած է կպրապատ ճամբուն վրայ։ Արցախ մեկնելու կարելիութենէ զրկուած Արցախցիները տակաւին կը բնակին Գորիս...
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.05.2023 14:17
Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն` ԻՒՆԷՍՔՕ–ի Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ։ Երեւանի թիւ 180 դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ նշանաւոր արձակագիր, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանի անունը։ ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ» խորագրով համերգ եւ ցուցահանդէս։ ԼԵՀԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Լուճը «Վերածնունդ»-ով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.05.2023 10:06
Փաշինեան. «Հայաստանը պատրաստ է ճանաչել Ադրբեջանի 86.600 քառ. կմ. տարածքային ամբողջականութիւնը, որը ներառում է ԼՂ-ն»։ Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը։ ՖՐԱՆՍԱ – ՏՈՐՏՈՆՅԸ – ՍԷՆ-ՇԱՄԱՍԻ - Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի կիսանդրիին պաշտօնական բացումը։ ՀՌՈՄ - Չարենցի գործերը թարգմանուած են իտալերէն։ ԻՐԱՆ–ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայրենի արուեստագէտներուն ցուցահանդէսը Թաւրիզի համալսարանին մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 23.05.2023 8:26
Փաշինեան Եկեղեցւոյ կը թելադրէ կուսակցութիւն ստեղծել. Մայր Աթոռը կը հակազդէ։ Նահատակ զինուորի մը մօր բանտարկութիւնը խոր վրդովում յառաջացուած է. նախկին նախագահ Լ. Տէր-Պետրոսեանի հակազդեցութիւնը։ «Յանուն Արցախի, ընդդէմ Ազերպայճանի» բնաբանով հանրահաւաք Կոռնիձորի մէջ։ Հայկական տաղաւար եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն՝ Գաննի փառատօնին։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20.05.2023 5:25
«Ազերպայճան խախտեց միջազգային իրաւունքը՝ կրակելով շտապօգնութեան կառքին վրայ»։ Ստեփանակերտի մէջ ծնունդ առած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումը։ Դաւիթ Բաբայեան՝ Պրիւսէլի յայտարարութեան մասին. «Գարշելի եւ յանցաւոր յայտարարութիւն էր. ժողովուրդը չպէտք է ոչխար դառնայ, դրա վերջը խորովածն է»։ «Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը շարունակում է անտեսել Արցախի ժողովրդի իրաւունքները»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 16.05.2023 6:21
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-Միշէլ-Ալիեւ Պրիւսէլեան հանդիպումները. Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի 86.600 քառակուսի քմ. հողային ամբողջականութիւնը, որու մէջ կը մտնէ նաեւ Արցախը։ Freedom house. «Ղարաբաղի բնակիչները բռնատիրական շրջափակման մէջ են, մինչ աշխարհ կեդրոնացած է Ուքրաինայի վրայ»։ ՖՐԱՆՍԱ-ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Մոնթըրոյի քաղաքապետ Ճեյմս Շերոնի հաճոյութիւնը հանդէպ Ազերպայճանի։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13.05.2023 5:52
ՖՐԱՆՍԱ - Անն-Լոռանս Փեթելի թուիթը Արցախի շրջափակման 150-րդ օրուան կապակցութեամբ։ Պիւիսոնի թուիթը Ազերպայճանի՝ ուժանիւթային ահաբեկչութեան մասին։ Գեղամ Ստեփանեանի ահազանգը՝ Ազերպայճան Կարմիր Խաչին կ՚արգիլէ Արցախէն հիւանդներ փոխադրել Հայաստան։ Յունուար-Ապրիլին Հայաստան այցելած է 630 հազար զբօսաշրջիկ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.05.2023 8:50
Տասնեակ հազարաւոր Արցախցիներու մասնակցութեամբ հանրահաւաք՝ Ստեփանակերտի մէջ։ ԵՐԵՒԱՆ - Հաշմանդամներու վերականգնողական «Փիւնիկ» կեդրոնի բացումը։ Ստեփանակերտ–Շուշի ճամբուն վրայ՝ «Չե՛նք ընդունելու, չե՛նք յարմարուելու» կարգախօսով ցոյցը կը շարունակուի։ Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը կը ցուցադրուի Գաննի փառատօնին։ Արմէն Գրիգորեան. «“Նեմեսիս”-ի յուշարձանի տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06.05.2023 8:23
Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանի աշակերտներու այցը Հայաստան։ Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրան կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ - Իսի-լէ-Մուլինօ, Ալֆորվիլ։ ԻՏԱԼԻԱ - Երախտագիտութեան շքանշան յանձնուած է իտալացի լրագրող Ֆարինային՝ Արցախեան պատերազմը լուսաբանելուն համար։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.05.2023 6:21
Թուրքիա անակնկալօրէն արգիլած է իր օդային տարածքով հայկական Flyone Armenia ընկերութեան դէպի Եւրոպա թռիչքները։ Սուտան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան եօթը քաղաքացիներ փոխադրուած են Եգիպտոս։ Հայաստան թեր քուէարկած է ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որու նախաբանին մէջ Ռուսաստան՝ Ուքրաինայի եւ Վրաստանի դէմ իբրեւ «նախայարձակ» կը յիշատակուի։ ՖՐԱՆՍԱ - Ազերպայճան դատի տուած է «Շարժում» երիտասարդական կազմակերպութիւնը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.05.2023 6:21
Թուրքիա անակնկալօրէն արգիլած է իր օդային տարածքով հայկական Flyone Armenia ընկերութեան դէպի Եւրոպա թռիչքները։ Սուտան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան եօթը քաղաքացիներ փոխադրուած են Եգիպտոս։ Հայաստան թեր քուէարկած է ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որու նախաբանին մէջ Ռուսաստան՝ Ուքրաինայի եւ Վրաստանի դէմ իբրեւ «նախայարձակ» կը յիշատակուի։ ՖՐԱՆՍԱ - Ազերպայճան դատի տուած է «Շարժում» երիտասարդական կազմակերպութիւնը։
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.04.2023 9:36
ԹՈՒՐՔԻԱ - Կարօ Փայլան. «108 տարի ետք տակաւին Ցեղասպանութեան պարագլուխ Թալաաթ փաշայի անունով փողոցներէ կը քալենք»։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Տիգրանակերտի մէջ ոգեկոչած են Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը։ ԻՏԱԼԻԱ – ՀՌՈՄ - Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչում։ Պորէլ. «Բերձորի միջանցքին միակողմանի անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարումը թուլցնելու ԵՄ-ի կոչերուն»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.04.2023 11:58
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ – ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ ՍԱՐՍԵԼ, ՌԵՆՍԻ, ՓԼԵՍԻ-ՌՈՊԵՆՍՈՆ։ Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ՝ բոցի արծարծման արարողութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։ Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ՝ նախագահ Մաքրոնի թուիթը։ Ֆրանսացի ծերակուտական Տըվինազ. «Պէտք է Հայաստանին օգնենք, որ զինուի»։
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.04.2023 5:50
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Ազերպայճանական կողմը Ապրիլ 23-ին փակած է Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարիի կամուրջը։ Ֆրանսա-Հայաստան – Ծերակուտական Ռըթայօ՝ Տեղ գիւղին մէջ. «Պէտք է Հայաստան տեղակայուին խաղաղապահ զօրքեր, որովհետև Ազերպայճան մի՛այն ուժի լեզուն կը հասկնայ»։ Փարիզի «Շաւարշ Միսաքեան» Հրապարակը կը վերանուանուի՝ «Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեան» Հրապարակ։ ՓԱՐԻԶ - Հայ աղջնակին նկարով մեծ պաստառ՝ 9-րդի քաղ...
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22.04.2023 8:17
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱՐԱՆԹՈՆ-ԼԸ–ՓՈՆ - Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն։ ՎՐԱՍՏԱՆ - Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս՝ Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց։ ՍՊԱՆԻԱ - Հայաստանի պետական գանձատրումով Մատրիտի Գոմփլութենսէ համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոն բացուած է։ ՉԵԽԻԱ - ՀԲԸՄ «Կարպիս Փափազեան» մրցանակը շնորհուած է չեխ լրագրողներ Մարքեթա Քութիլովային եւ Լենքա...
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.04.2023 9:09
ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի շէնքի ճակատին՝ Ապրիլ 24-եան հսկայ պաստառ մը։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԳՈՒՐՊԸՎՈՒԱ - Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն։ Սուտանի Հայոց եկեղեցիին շուրջ բուռն մարտեր կ՚ընթանան։ ՍՈՒՐԻԱ - Հալէպի մէջ զօրակցական հաւաք՝ յանուն Արցախի։
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.04.2023 5:47
ՓԱՐԻԶ - Արցախի շրջափակման հարցով գիտաժողով Սորպոնի մէջ։ Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը 100 հազար եւրօ կը յատկացնէ Արցախէն տեղահանուածներուն։ Նորեկ Գասպարեան՝ Արցախի Գրողներու միութեան նորընտիր նախագահ։
«Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 15-ի ձայնագրեալ լրահոսը 15.04.2023 5:46
ՖՐԱՆՍԱ - Յասմիկ Տոլմաջեան ԵՄ-ին կոչ կ՚ընէ ճնշում բանեցնելու Ազերպայճանի վրայ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը։ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը։ ՖՐԱՆՍԱ - « Who’s Who » տարեգիրքի ֆրանսական հրատարակութեան նոր սեփականատէրն է Մուրատ Փափազեան։
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.