Սագօ Արեան
Եկէք անկեղծ խօսինք
Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
Մարալ Տէյիրմենճեան - Հայաստանի Վիճակ, Լիբանանահայ Գաղութ Եւ Կրթական Կեանք - Եկէք Անկեղծ Խօսինք #63 29.06.2026 48:06
🇦🇲Հայաստանը երէկ եւ այսօր. Փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ։ Անցեալին տխուր երկիր էր Հայաստանը, իսկ այսօր՝ ուրախ։ Մեր հիւրը՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ կրթական ոլորտին մէջ։ 🇱🇧Ի՞նչ էին Լիբանանին տրուած «նուէրները»: Պէյրութի մեծ պայթումը ամենասոսակալին էր: Ի՞նչ վնասներ կրեցին Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դարձեալ ոտքի կանգնեցան։ 🇦🇲🇱🇧Լիբանանեան մեծագոյն խնդիրը ի՞ն...
Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62 03.05.2026 53:18
🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը «Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։ 🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։ Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։ ⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական...
Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61 05.04.2026 47:40
Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։ Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։ 🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։
Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60 22.02.2026 46:58
🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր, թէ՞ դիւրին ընտրանք։ 🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։ 🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։ «Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։ 🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մ...
Լեզու, Սփիւռք, Բանաստեղծութիւն, Արեւմտահայերէն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #59 Խաչիկ-Տէր Ղուկասեան 07.02.2026 54:03
📝Գրել. Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչո՞ւ։ Լաւ յօդուածը բանավէճ պէտք է ստեղծէ. ինչո՞ւ 🇦🇲Մաքրամաքուր հայերէնը ապրեցնող է՞, թէ՞ վանող։ Ո՞ր պարագային գրողները «աղանդի» մը կը վերածուին։ Արեւմտահայերէնին կեանք տալը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ. ինչո՞ւ։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է արժանթինաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Խաչիկ-Տէր Ղուկասեանին հետ։
Հայու ինքնութիւն, Հայ մամուլ, Եգիպտահայութիւն, Լրագրութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #58 Թովմաս Գորգիսեան 17.01.2026 35:56
Ի՞նչ կը նշանակէ երկու գաղթավայր ունենալ: 🇪🇬Եգիպտացի՞, թէ՞ արաբ, ի՞նչ են տարբերութիւնները։ Ի՞նչ պատճառով մեր հիւրին հետ յիշեցինք ՀՀ Ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։ 🇪🇬🇦🇲Եգիպտահայ համայնքի խնդիրներն ու դժուարութիւնները։ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մասին. մեծ հաշուով պատկերը՝ մոխրագոյն է։ Ովքե՞ր են այն երկու խոշոր գործիչները, որոնք այցելած են թէ՛ Գահիրէ թէ’ Աղեքսանդրիա։ 🇦🇲📰Հայ մամուլի ըրածը ա...
Կիպրահայութիւն, Մասոններ, Մելգոնեան Վարժարան , Եկեղեցի | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #57 | Անդրանիկ Աշճեան 28.12.2025 1:00:13
Քանի՞ տեսակ հայրենիք կայ եւ ինչո՞ւ Երկուութիւնը ի վերջոյ խանգարող հանգամանք է 🇨🇾🇦🇲Ինչի՞ կարիք ունի կիպրահայութիւնը Սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրը ո՞րն է Ի՞նչ ըսել է «լոյս տեսնել» «Ազատ որմանդիրներ»ը եւ դաւադրապաշտութիւնը. առնչութիւններ կա՞ն Ի՞նչ ըսած է ՀԲԸՄ-ի երեւելի առաջնորդներէն՝ Ալեք Մանուկեանը Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին մասին։ ⛪️Եկեղեցին ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ 🇦🇲Ո՞ւր է հայը եւ ինչպիսի՞ն է...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն 07.12.2025 42:44
🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։ 🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։ 🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։ 🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ 🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։ Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Ս...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն 17.11.2025 1:06:25
🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։ Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։ Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։ Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ 08.11.2025 1:01:41
🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։ Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։ Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։ ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։ 🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։ Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։ Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն» 26.10.2025 55:04
🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան 17.10.2025 39:34
🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։ Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։ 🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ… 🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։ Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին 06.10.2025 48:20
Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։ 🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։ Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։ Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։ 👨⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։ Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն 28.09.2025 1:11:18
❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»: ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք… 🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։ Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։ Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։ 🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։ 🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տար...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին 13.09.2025 41:52
🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։ Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։ Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։ 🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։ Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։ Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին 08.09.2025 25:57
🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։ Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։ Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։ Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։ 🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։ Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։ Սփիւռքի մ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ... 19.08.2025 36:45
🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր 🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրները Հալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։ Երեւանի հանդէպ սէրը… 📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերը Ո՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #46 | Կիրակոս Գույումճեանը՝ Հալէպի, Գործարարության եւ Հրապարակախօսութեան Մասին 12.08.2025 56:29
🇸🇾🇦🇲Ի՞նչ մնաց «Հին Հալէպ»էն... Երազ էր Հալէպը, ու այնտեղ ապագայ մը կերտելը դարձաւ երազանք։ 📝Մեր խօսակիցը ինչպէ’ս կարողացած է միացնել գրելու ձիրքն ու գործարարի կեանքը։ 🇦🇲Սփիւռքահայերու Հայաստան վերադարձի հարցը. ինչո՞ւ տապալեցաւ... Ի՞նչ առաջարկեց մեր հիւրը, որ Հայաստանի զարգացման ճանապարհին դրական տեղաշարժ մը գոյանայ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է քուէյթահայ գրող, հրապարակախօս եւ գործա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #45 | Սարգիս Պալըխեանը՝ Հայաստանի Ապագայի, Հեղափոխութեան, Սփիւռքի եւ Հայ Դատի Մասին 02.08.2025 1:00:20
🇦🇲Հայկական ապագան ինչո՞ւ մթագնած է։ Ո՞ւր կարելի է հանգիստ ապրիլ։ Ո՞վ լաւ ընդդիմադիր էր, եւ ո՞վ է ան, որ Հայաստանն այսօր անկարող է ղեկավարել։ Սփիւռքի մէջ ի՞նչը կարիք ունի բարեփոխման եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ո՞րն էր առաջնային. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդի՞րը, թէ՞ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս ճանաչելը։ Ի վերջոյ, առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել, թէ՞ ոչ։ ⭕️Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #44 | Համբիկ Սարաֆեանը՝ Սփիւռքի, Հայաստան-Թուրքիա Կապերու Եւ Խաղաղութեան Մասին 24.07.2025 52:59
🇱🇧🇦🇲Պէյրութի հայկական թաղամասերու՝ Հաճընի, Խալիլ Պատուիի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ առհասարակ ի՞նչ են սփիւռքահայութեան հիմնահարցերը։ «Հինցած» խօսոյթները վտանգաւո՞ր են եւ ինչո՞ւ։ Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, պիտակ եւ մեղադրանք պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը։ Ի՞նչ պատճառներով պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ իրատես։ Ճիշդ նաւարկել այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ինչպէ՞ս հասնիլ այդ մակարդակին։ ⭕Այս...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #43 | Սեդրակ Պալեանը՝ Երուսաղէմի, Save the ARQ-ի եւ «Կովերու Պարտէզ»ի մասին․ 11.07.2025 42:16
Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուեցաւ նախաձեռնութիւնը։ 🇦🇲🇮🇱«Կովերու պարտէզ»ը ինչո՞վ կը կարեւորուի։ Գործարքը , որ կնքուած է՝ «լա՞ւ» կամ «վա՞տ» գործարք է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յարձակում գործեց Երուսաղէմի հայ բնակիչներուն վրայ եւ ինչո՞վ աւարտեցաւ այդ բախումը։ 🇮🇱🇦🇲Երուսաղէմը եւ Արցախը ինչո՞վ կը նմանին իրարու։ Հայութիւնը պէտք է ոտքի ելլէ՝ փրկելու հայկական Երուսաղէմը ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #42 | Արա Գօչունեանը՝ ինքնութեան, Թուրքիոյ մէջ թերթ հրատարակեկու եւ մամուլի մասին 02.06.2025 58:48
🇦🇲🇹🇷Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցեր, հայերէն թերթ հրապարակելու փորձառութիւն։ Այսօր որո՞նք են պոլսահայութեան մարտահրաւէրները։ Պահպանողական ըլլալու մասին կան կարծրատիպեր եւ պիտակաւորումներ։ Ինչպէ՞ս վերաբերիլ, երբ դիմացինդ քեզի «Դուն թուրք ես» կ՚ըսէ… Հայ մամուլի խնդիրներն այսօր։... ⭕️Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #41 | Այտա Մինասեանը՝ մանկապատանեկան թերթերու, արեւմտահայերէնի և Հալէպի մասին 24.05.2025 36:26
📰Սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մանկապատանեկան թերթերը ինչպէ՞ս զարգացան։ Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է արեւմտահայերէն մանկագրութիւնը։ 🇦🇲Սպասումներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ծաւալուի։ Հ-ո՞վ գրել, թէ՞ յ-ով. Յակոբ Չոլաքեանը ձեւ մը կ՚առաջարկէ, իսկ Արմենակ Եղիայեանը՝ բոլորովին այլ ձեւ։ 🇸🇾🇦🇲Մեր հիւրին համոզումով՝ «Հալէպը կայ ու կը մնայ»։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մանկավարժ, մանկապա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #40 | Մանօ Բրուտեանը`Սուրիայէն Հայաստան անցում, դժվար տարիներ եւ առողջ ապրելակերպ 16.05.2025 48:33
🇦🇲🇸🇾Ետդարձի ճանապարհ չկար. լեզուն ամբողջութեամբ հասկնալու հարց կար։ Ինչո՞ւ բոլորը ծուռ կը նայէին։ Մանոյի եղբօր մազերը խօսելու թեմա դարձան։ Կօշիկի կապ կապելու դժուարութիւն, ինքնաշարժին տակ պառկելու խնդիր եւ շնչակտուր վիճակ։ 🏋♂Ե՞րբ սկսիլ մարզանքի եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ինչպէս զարգացաւ մարմնամարզութիւնը Հայաստանի մէջ։ ⭕Եւ այս բոլորէն անդին, ճիշդ սնուելու, ժամանակը յարգելու եւ առողջ ապրելու մասին Սագօ Արեան զ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #39 | Լեւոն Իսկէնեանը՝ Երաժշտութեան, Մշակոյթի եւ Պատերազմի Հետեւանքների մասին 04.05.2025 38:57
🎵Ինչպէ՞ս «Կիւրճիէֆ անսամպլ»ի կատարումները հասան միջազգային երաժշտական հարթակներ։ 🏆Ի՞նչ մրցանակներ ստացած է Լեւոն Իսկէնեանի ղեկավարած «Կիւրճիէֆ անսապլ»ը։ Կային քաղաքներ, ուր հայկական երաժշտութիւնն առաջին անգամ հնչեց։ Կեանք մը, որ կ՚անցնի պատերազմներու մէջէն։ Մեր իրական զէնքը նաեւ մշակոյթն է։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանին հետ։
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.