Tigrane Yegavian
Բազմազան Արեւելքներ
Արեւելքի քրիստոնեաներու հիմնարկին փոտքասթը Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Author
Tigrane Yegavian
Category
Podcast website
Latest episode
Jun 10, 2026
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
Պէյրութէն մտածելով հայկական աշխարհը 10.06.2026 21:05
Այս յայտագրին հիւրն է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան։ Ան կը ներկայացնէ իր գիտահետազօտական գործունէութիւնը, սփիւռքագիտութեան եւ արդի հայկական աշխարհին վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։ Զրուցակիցները նաեւ կ'անդրադառնան Հայկազեան համալսարանի ինքնութեան, անոր առանձնայատուկ տեղին Լիբանանի եւ համահայկական իրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ համալսարանին ու...
Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ 11.05.2026 52:13
Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրա...
Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց 08.04.2026 47:49
Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։ Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։ Համալսարանի...
Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ 04.04.2026 34:00
Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագա...
«MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը 12.03.2026 43:46
Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր 27.02.2026 52:49
Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մա...
Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը 22.02.2026 35:25
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝ 10.02.2026 42:49
Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։ 04.02.2026 35:17
Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Լիբանանի Պիքֆայա Հայ Առաքելական Դպրեւանքի վերատեսուչն է։ Այս երիտասարդ հոգեւորականը կը վկայէ իր առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին՝ նուիրուած հաւատքի փոխանցմանն ու էկումենիզմին՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը 04.02.2026 34:13
Նորա Սարաֆեան-Թաչճեան լիբանանահայ կրթական մշակ մըն է, որ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է սփիւռքահայ կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխանցման հարցերուն մէջ։ Լիբանանի հայ կրթական միջավայրէն եկած՝ ան այսօր կը ղեկավարէ Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային Տունը եւ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակութային կեանքի ակտիւ դերակատար։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.