Սագօ Արեան
Եկէք անկեղծ խօսինք
Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:
Vizitează neapărat site-ul podcastului și susține-i creatorul: rss.com
Unde asculți?
Podcasturi în aplicație Replaio Radio În curândPodcasturile ajung în curând în aplicație. Instaleaz-o acum și fii primul care descoperă o abordare complet nouă a podcasturilor
Episoade
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ... 19.08.2025 36:45
🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր 🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրները Հալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։ Երեւանի հանդէպ սէրը… 📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերը Ո՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #46 | Կիրակոս Գույումճեանը՝ Հալէպի, Գործարարության եւ Հրապարակախօսութեան Մասին 12.08.2025 56:29
🇸🇾🇦🇲Ի՞նչ մնաց «Հին Հալէպ»էն... Երազ էր Հալէպը, ու այնտեղ ապագայ մը կերտելը դարձաւ երազանք։ 📝Մեր խօսակիցը ինչպէ’ս կարողացած է միացնել գրելու ձիրքն ու գործարարի կեանքը։ 🇦🇲Սփիւռքահայերու Հայաստան վերադարձի հարցը. ինչո՞ւ տապալեցաւ... Ի՞նչ առաջարկեց մեր հիւրը, որ Հայաստանի զարգացման ճանապարհին դրական տեղաշարժ մը գոյանայ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է քուէյթահայ գրող, հրապարակախօս եւ գործա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #45 | Սարգիս Պալըխեանը՝ Հայաստանի Ապագայի, Հեղափոխութեան, Սփիւռքի եւ Հայ Դատի Մասին 02.08.2025 1:00:20
🇦🇲Հայկական ապագան ինչո՞ւ մթագնած է։ Ո՞ւր կարելի է հանգիստ ապրիլ։ Ո՞վ լաւ ընդդիմադիր էր, եւ ո՞վ է ան, որ Հայաստանն այսօր անկարող է ղեկավարել։ Սփիւռքի մէջ ի՞նչը կարիք ունի բարեփոխման եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ո՞րն էր առաջնային. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդի՞րը, թէ՞ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս ճանաչելը։ Ի վերջոյ, առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել, թէ՞ ոչ։ ⭕️Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #44 | Համբիկ Սարաֆեանը՝ Սփիւռքի, Հայաստան-Թուրքիա Կապերու Եւ Խաղաղութեան Մասին 24.07.2025 52:59
🇱🇧🇦🇲Պէյրութի հայկական թաղամասերու՝ Հաճընի, Խալիլ Պատուիի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ առհասարակ ի՞նչ են սփիւռքահայութեան հիմնահարցերը։ «Հինցած» խօսոյթները վտանգաւո՞ր են եւ ինչո՞ւ։ Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, պիտակ եւ մեղադրանք պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը։ Ի՞նչ պատճառներով պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ իրատես։ Ճիշդ նաւարկել այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ինչպէ՞ս հասնիլ այդ մակարդակին։ ⭕Այս...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #43 | Սեդրակ Պալեանը՝ Երուսաղէմի, Save the ARQ-ի եւ «Կովերու Պարտէզ»ի մասին․ 11.07.2025 42:16
Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուեցաւ նախաձեռնութիւնը։ 🇦🇲🇮🇱«Կովերու պարտէզ»ը ինչո՞վ կը կարեւորուի։ Գործարքը , որ կնքուած է՝ «լա՞ւ» կամ «վա՞տ» գործարք է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յարձակում գործեց Երուսաղէմի հայ բնակիչներուն վրայ եւ ինչո՞վ աւարտեցաւ այդ բախումը։ 🇮🇱🇦🇲Երուսաղէմը եւ Արցախը ինչո՞վ կը նմանին իրարու։ Հայութիւնը պէտք է ոտքի ելլէ՝ փրկելու հայկական Երուսաղէմը ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #42 | Արա Գօչունեանը՝ ինքնութեան, Թուրքիոյ մէջ թերթ հրատարակեկու եւ մամուլի մասին 02.06.2025 58:48
🇦🇲🇹🇷Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցեր, հայերէն թերթ հրապարակելու փորձառութիւն։ Այսօր որո՞նք են պոլսահայութեան մարտահրաւէրները։ Պահպանողական ըլլալու մասին կան կարծրատիպեր եւ պիտակաւորումներ։ Ինչպէ՞ս վերաբերիլ, երբ դիմացինդ քեզի «Դուն թուրք ես» կ՚ըսէ… Հայ մամուլի խնդիրներն այսօր։... ⭕️Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #41 | Այտա Մինասեանը՝ մանկապատանեկան թերթերու, արեւմտահայերէնի և Հալէպի մասին 24.05.2025 36:26
📰Սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մանկապատանեկան թերթերը ինչպէ՞ս զարգացան։ Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է արեւմտահայերէն մանկագրութիւնը։ 🇦🇲Սպասումներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ծաւալուի։ Հ-ո՞վ գրել, թէ՞ յ-ով. Յակոբ Չոլաքեանը ձեւ մը կ՚առաջարկէ, իսկ Արմենակ Եղիայեանը՝ բոլորովին այլ ձեւ։ 🇸🇾🇦🇲Մեր հիւրին համոզումով՝ «Հալէպը կայ ու կը մնայ»։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մանկավարժ, մանկապա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #40 | Մանօ Բրուտեանը`Սուրիայէն Հայաստան անցում, դժվար տարիներ եւ առողջ ապրելակերպ 16.05.2025 48:33
🇦🇲🇸🇾Ետդարձի ճանապարհ չկար. լեզուն ամբողջութեամբ հասկնալու հարց կար։ Ինչո՞ւ բոլորը ծուռ կը նայէին։ Մանոյի եղբօր մազերը խօսելու թեմա դարձան։ Կօշիկի կապ կապելու դժուարութիւն, ինքնաշարժին տակ պառկելու խնդիր եւ շնչակտուր վիճակ։ 🏋♂Ե՞րբ սկսիլ մարզանքի եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ինչպէս զարգացաւ մարմնամարզութիւնը Հայաստանի մէջ։ ⭕Եւ այս բոլորէն անդին, ճիշդ սնուելու, ժամանակը յարգելու եւ առողջ ապրելու մասին Սագօ Արեան զ...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #39 | Լեւոն Իսկէնեանը՝ Երաժշտութեան, Մշակոյթի եւ Պատերազմի Հետեւանքների մասին 04.05.2025 38:57
🎵Ինչպէ՞ս «Կիւրճիէֆ անսամպլ»ի կատարումները հասան միջազգային երաժշտական հարթակներ։ 🏆Ի՞նչ մրցանակներ ստացած է Լեւոն Իսկէնեանի ղեկավարած «Կիւրճիէֆ անսապլ»ը։ Կային քաղաքներ, ուր հայկական երաժշտութիւնն առաջին անգամ հնչեց։ Կեանք մը, որ կ՚անցնի պատերազմներու մէջէն։ Մեր իրական զէնքը նաեւ մշակոյթն է։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #38 | Նուշիկ Միքայէլեան-ը՝ մշակոյթի, Հայաստանի եւ գրողի խնդիրներուն մասին 26.04.2025 48:54
Երկու մշակոյթներով ապրիլ. Դժուա՞ր է, թէ՞ դիւրին 🇦🇲Հայաստանը ունի՞ առաւելութիւններ Հայաստանի հարուստները եւ մշակոյթը. կա՞ն առընչութիւններ Այսօր բարոյական մթնոլորտը խոցելի է. ի՞նչ են պատճառները Հզօր պետութիւնը ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ Ինչո՞ւ գրողը պահուան մը համար «մահացաւ» եւ ո՞ւր եղաւ ատիկա։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է գրող Նուշիկ Միքայէլեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #37 | Րաֆֆի Ետալեան- ը` արուեստի, ինքնութեան եւ «վերջնական» հայրենիքի մասին 19.04.2025 35:33
🎨Արուեստի պատմութեան մէջ այդ մէկը ընդգծուած է. ինչի՞ մասին է խօսքը։ 💓Սէրը ի՞նչ կը բերէ։ Խաղաղութիւնը ի՞նչ կը բերէ իր հետ։ 🇦🇲Հայու ճակատին ի՞նչ գրուած է։ Հայ նկարիչ կոչուիլ ի՞նչ կը նշանակէ։ Ի՞նչ տեսակ հայրենիք երազել եւ ինչո՞ւ։ ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայրենադարձ արուեստագէտ՝ Ռաֆֆի Ետալեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #36 | The Bites Blog- ը՝ Հայաստանի մէջ ուտելիքի մշակոյթի, այլ խոհանոցներու մասին 12.04.2025 35:38
🇦🇲Ինչպէ՞ս ընտրել Երեւանի համադամ ուտելիքները։ Եթէ չկրնաս ուտել ուտելիքդ, ի՞նչ ընել այդ պարագային։ 🍟🥨🍩🍫Ճաշերու տարբերութիւններ, մշակոյթի զանազանութիւն։ Համեղ ճաշ պատրաստելու համար ի՞նչ է հարկաւոր եւ ի՞նչ են թերացումները այդ առումով։ Քանի՞ տեսակ շաուրմա կայ. մեր ճանչցած շաուրման եւ Երեւանի մէջ պատրաստուած շաուրման ինչո՞վ կը տարբերին։ Համը նաեւ մշակոյթ է. այդ առումով սորվելիք կա՞յ։ ⭕Այս նիւթերու...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #35 | Ռազմիկ Փանոսեանը՝ արեւմտահայերէնի, սփիւռքի եւ «Կիւլպէնկեան»-ի մասին 04.04.2025 50:31
🤔Այսօր Սփիւռքի մէջ ովքե՞ր են արեւմտահայերէնի իրական պաշտպանները։ Արեւմտահայերէնը ի՞նչ է մեզի համար եւ ի՞նչ տիպի լեզու կը համարուի։ 🇦🇲Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սխալեցաւ սփիւռքահայութիւնը։ 🤝Միասնութեան հաւատա՞լ, թէ ո՞չ. ի՞նչ է առհասարակ միասնութիւն։ Միասին աշխատի՞լ, թէ՞ բեմերէն ամպագոռգոռ խօսիլ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ....
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #34 - Անդրանիկ Քիլիսլեան (Abu Hagop) 29.03.2025 37:49
Մեծ մօր յորդորը... 🌯Ուտելիքը ինչո՞ւ յիշողութիւն է Ո՞ւր սորվեցաւ խոհանոցի հմտութիւնները Յիշողութիւնը «սեղմել» եւ իրար քով հաւաքել Մսաշոթ, մսալոշ եւ ի վերջոյ՝ լահմաճիւն... Բազում լեզուներ եւ մէկ «պարունակութիւն» Բոլոր գործերը որո՞ւ վստահիլ Ճաշ պատրաստելը մշակոյթ է եւ խորքերուն մէջ հայրենիքը պահելու, պատմութիւնը պահպանելու ճիգը կայ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրոյց մը ունեցած է Անդրանիկ Քիլիսլե...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #33 - Վարդան Գաբրիէլեան 23.03.2025 59:25
❓Սփիւռքի մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ դրական կողմը ո՞րն է։ «Հսկայական գործ» ըրած ենք ըսելով, ինչի՞ մասին կ՚ակնարկէ մեր հիւրը։ Որակ եւ քանակ. Ի՞նչ է յարաբերակցութինը։ Կարեւորը յարատեւ աշխատանքն է։ Որո՞ւ խօսքին վստահիլ եւ որո՞ւ՝ ո’չ։ ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Միասին» հարթակի հիմնադիր՝ Վարդան Գաբրիէլեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #32 - Երուանդ Զորեան 14.03.2025 33:13
Իրական թիւը այն հայորդիներուն, որոնք արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կը գործեն։ 1️⃣Թիւերը ինչի՞ մասին կը խօսին։ Մեր յաջողութիւնը ինչի՞ մէջ կ՚երեւի։ 🔫«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութեան» հարցը ի՞նչ է։ 🇦🇲Հայաստանը ինչպէ՞ս ապահով պահել։ 🇨🇳🇹🇼Չինաստան-Թայվան «յարաբերակցութիւն»... Դպրոց, հայկական դպրոց եւ այսօրուան արդիական ընտրանքներ։ Մտահոգ ըլլալ, բայց չվախնալ… Ինչո՞ւ այսօր բախտաւոր ենք… ⭕️Այս բոլորին մա...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #31 - Ռաֆֆի Տուտագլեան 08.03.2025 28:51
Ի՞նչն է, որ մարդ արարածին երազներն ու միտքերը «կը յղկէ»։ Վերատեսութիւն յանուն ինչի՞ եւ ինչո՞ւ հիմա։ Մեծագոյն արժէքը մարդուս համար ի՞նչն է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը խուսափի մեր հաւաքական պարտութեան մէջ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ընդունելէ։ 🇦🇲Հայ մարդու առաջին եւ վերջնական կայարանը ո՞ւր է։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ Րաֆֆի Տուտագլեանին հետ
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #30 - Ափօ Սահակեան 28.02.2025 43:03
🎵Ինչպէ՞ս սիրեց երգն ու երգելը։ 🇦🇲Ի՞նչ կայ ամէն հայու սրտին մէջ։ Անոր եարը ո՞ւր է։ 🇮🇱Երուսաղէմ եւ «փակ դռներ». ի՞նչ հասկնանք։ 🇮🇱🇵🇸Պատերազմէն ետք Կազայի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։ 🇦🇲Հայաստանի մէջ ի՞նչը աւելի յարգուած է, քան Սփիւռքի մէջ։ ⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է սաղիմահայ երգիչ՝ Ափօ Սահակեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան 22.02.2025 43:09
Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արտատպութիւնը։ 📰Կարծէք մրցումի ելած են մեր թերթերը, թէ ո’վ աւելի շատ պիտի արտատպէ։ Լեզուն գործածելու ատեն չպէտք է վախնանք։ Լեզուի «սրբադասումը» միայն վնաս բերաւ մեզի։ 🇨🇦Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ, եւ այդ մէկը անկարելի է հերքել կամ ատկէ խուսափիլ։ 🇦🇲12 տարեկանիս առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, եւ այդ այցելութիւնը զիս կապեց այս երկրին։ Հայաս...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #28 - Սեւան Պետրոսեան 14.02.2025 33:37
🇦🇲Հայ ըլլալու գաղափարը Սփիւռքի մէջ «հիմնուած» է մի քանի հիմնական հանգամանքներու վրայ։ Քրիստոնէութիւն, գրերու գիւտ եւ Ցեղասպանութիւն… Այդ «ինքնութեան փաթեթ»ը ձեւաւորուած էր 1960-ականներու սկիզբը։ Պատերազմը եկաւ եւ այդ փաթեթը «խախտեց»։ Այս բոլորն ինչքան ալ ցաւոտ ըլլան, մեր պատմութեան մէջ ընդամէնը ակնթարթ մըն են։ Սեւան Պետրոսեանը համաձայն է այն գաղափարին հետ, որ ամէնէն աւելի մենք իրար հետ խօսելու կար...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #27 - Ժիրայր Բաբազեան 08.02.2025 33:27
Արտասահմանի մէջ մեր միութիւնները կը շարունակեն մեծ-մեծ խօսիլ։ Յաջողի՞լ կուզէք, դրամը սեղանին դրէք։ 🇦🇲🇷🇺Հայաստանի մէջ ռուսական թատրոն ունինք, բայց արեւմտահայերէնով թատրոն չունինք։ Արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց մը ստեղծելը կարեւոր է։ Մեզի համար մտայնութիւնները փոխելը հիմնական մարտահրաւէր մըն է։ Կա’մ կը գերագնահատենք (մենք մեզ) կա’մ ալ կը թերագնահատենք (մեր թշնամիները)։ Մեր թշնամիները մեզի կը յաղթեն,...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #26 - Միհրան Միհրանեան 02.02.2025 39:13
🇦🇲Առանց տեսնելու, առանց գիտնալու, ինչպէ՞ս կըլլայ հայրենիքի սէրը։ 🇱🇧🇸🇾🇦🇪Պէյրութ, Հալէպ, Տուպայ, բայց յատկապէս՝ Երեւան։ Զանազան ազգերու հետ շփուելով՝ ամենափայլունը հայ ազգն է։ ✍️Զգացած է, որ վեց մատ ունի, եւ վեցերորդ մատը մատիտն է։ 🇦🇲Հայ ժողովուրդի անցեալն իմանալ, անցեալը ճանչնալ ու այդպէս նայիլ ապագային։ «Բոլորը սիրելի են ինծի, նոյնիսկ՝ անգրագէտները...»,-այսպէս կ՚ըսէ ան։ ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին...
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #25 - Հրաչ Քալսահակեան 24.01.2025 49:04
🌟Մեր խօսակիցը «սուբըր սթա՞ր» է։ Ի՞նչ ըսել է տարակարծիք ըլլալ, տարակարծութիւնը որո՞ւ «մահն» է։ 🇦🇲Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները երեւելի՞ են։ 🍕Փոփոխութիւնը «փիցա»ին հետ կա՞պ ունի։ Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի զարգացնենք Հայաստանը։ Հայ ժողովուրդը ժամանակի լուրջ խնդիր ունի, ժամանակը մեր դէմն է։ ⭕️Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է պլոկըր, համայնքային գործիչ Հրաչ Քալսահակեանին հետ
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #24 - Պարգեւ Թասլաքեան 17.01.2025 37:47
🇦🇲🇱🇧Մեր հիւրը երկու հայրենիք ունի։ 🎵Ո՞ր մեղեդիներն են անչափ հզօր։ 🇱🇧Ինչպէ՞ս «իսլամիստներ»ը սպառնացին անոր՝ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ։ Ինքնաշարժի խափանում, ապա մէկ տարի անց՝ «բանակցութիւններ»։ 🇹🇷🇦🇲 Ինչպէ՞ս վարուեցաւ տեսնելէ ետք, որ թուրք «համարուած» երաժիշտը հայ դուրս եկաւ։ ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ, խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանին հետ
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #23 - Տիգրան Եկաւեան 11.01.2025 37:23
🇦🇲Հայ ըլլալը ընտրութի՞ւն Է։ Սփիւռքին եւ Սփիւռքի հայութեան հանդէպ վստահութեան հարց մը ունի՞ն հայկական կառոյցները։ 🇦🇲🇨🇾Ո՞վ եւ ինչո՞ւ դաւաճանեց սփիւռքին, երբ փակեց Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը։ Սփիւռքի մէջ թիւ մէկ քանդողները ովքե՞ր են։ Եկեղեցի երթալը միայն ձեւական մօտեցում մը չէր երէկ, այսօր ալ այդպէս չպէտք է ըլլայ։ Մենք կարիք ունինք նոր գրականութեան մը եւ նոր շունչի մը։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեա...
Podcasturi asemănătoare
Replaio nu este editorul podcasturilor; numele emisiunilor, coperțile și materialul audio aparțin autorilor lor și sunt distribuite prin fluxuri RSS publice