Սագօ Արեան

Եկէք անկեղծ խօսինք

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Vizitează neapărat site-ul podcastului și susține-i creatorul: rss.com

Autor

Սագօ Արեան

Categorie

Business

Site-ul podcastului

rss.com

Cel mai nou episod

5 oct. 2026

Unde asculți?

Podcasturi în aplicație Replaio Radio În curând

Podcasturile ajung în curând în aplicație. Instaleaz-o acum și fii primul care descoperă o abordare complet nouă a podcasturilor

Descarcă din Google Play Instalează gratuit Android aproape 10 mil. descărcări · nota 4,8 iOS în curând

Episoade

Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72 05.10.2026

🇦🇲Անձնական փոխակերպում. Ինչպէ՞ս Հայաստան այցելութիւնը փոխեց հայեացքները եւ նպաստեց աւելի լայնախոհ ու ազգային մտածողութեան ձեւաւորման։ Ընտանեկան յիշողութիւն եւ ցաւ. «Իմ մայրս փորձած են սպաննել. Անձնական պատմութիւն եւ ընտանեկան վէրքեր։ 🇨🇾🇦🇲Մելգոնեան վարժարանի հիմնախնդիրը. Ինչո՞ւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ բոլոր ջանքերը արդիւնք չտուին, եւ ինչո՞ւ դպրոցին հարցը կը մնայ իբրեւ չբուժուող վէրք։...

Հայր Վահան Օհանեան - Մխիթարեան Միաբանութիւն, Նուիրուիլ Աստծոյ, Հաւատք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #71 28.09.2026

🇻🇦Մխիթարեան միաբանութեան ուղին. Ինչպէ՞ս 13 տարեկանէն կ՚ընտրեն այս ուղին, եւ ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են միաբանութեան աւանդոյթները։ 🤲Աստուծոյ ընտրութիւնը. «Ո՛չ թէ ես ընտրեցի, այլ Քրիստոս զիս ընտրեց»․ ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի հոգեւոր կոչումը։ Մխիթար Սեբաստացիի աննախադէպ վաստակը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Աբբահայրը իր կենդանութեան օրոք հրատարակեց 52 հսկայական հատորներ, որոնք հիմք դրին ժամանակակից հայագիտութեան։ 📖Մխիթ...

Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70 20.09.2026

🎭 Կատակերգութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչո՞ւ Անթիք սկզբնական շրջանին լուրջ չէր վերաբերեր կատակերգութեամբ զբաղելու քրոջ խորհուրդներուն։ 🌴 «Դրախտի երկիր» Լոս Անճելըս. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ԱՄՆ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ իր կեանքը։ 🏫 Public School-ի տարիներն ու ինքնապաշտպանութիւնը. Դպրոցական կռիւները, ինքնահաստատման խնդիրները եւ տարբերութիւնը Կլենտէլի միջավայրէն։ 📱 Ընկերային ցանցերու ճնշումը. Երբ կը հա...

Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69 06.09.2026

🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը: 💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու: 🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները: 🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց: 🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր...

Ալին Պզտիկեան - ԱՄՆ - Հայաստան, Արեւմտահայերէն, Մանկագրութիւն, Կրթութիւն| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #68 30.08.2026

🇦🇲Հայաստանի մասին լուրերն իրակա՞ն են, թէ՞ երկիրն է փոխուած։ 🇺🇸🇦🇲Լոս Անճելըսը Հայաստա՞ն է, թէ՞ Հայաստանն իր տեղն է ու հոն չէ փոխադրուած։ 👨‍🏫Ներշնչող ուսուցիչը. ի՞նչ ներշնչումներ ձգած է Մուշեղ Իշխանը։ 🇺🇸🇦🇲ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներու խնդիրները. վաղ տարիքի մանկական գրականութիւնն ընդդէմ թուային սարքերո՞ւ։ 🧩Սեղանի հայերէն խաղերու նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Արեւմտահայերէնը «հաց կը կերցնէ՞». անցեալին եւ...

Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67 23.08.2026

🇦🇲«Սիրահարուած եմ Հայաստանին»․ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ Հայաստան այցելելու եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին: 🇺🇸🇱🇧Առաջին քայլերն ԱՄՆ-ի մէջ . 1995 թուականին ԱՄՆ մեկնելու, առաջին փորձառութեան եւ ամերիկեան կեանքի առաջին տպաւորութիւններուն մասին: 💬Փօլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը. Ո՞վ էր Փօլ Պաղտատլեանը իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս զինք կ՚ընկալէին մարդիկ եւ ինչպիսի՞ն էր ան որպէս անհատականութիւն ու ընկեր...

Լեւոն Աֆէյեան - Յաջողութեան Գաղտնիք, Գանատահայութիւն Եւ Հայու Ինքնութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #66 10.08.2026

🇦🇲Սփիւռքահայի ինքնութեան «ոսկիէ օրէնքը». Ինչպէ՞ս չկորսնցել ինքնութիւնն օտարութեան մէջ: Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ ապրող հայը յարատեւ տագնապի մէջ է՝ «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը» մտահոգութեամբ։ 🇦🇲🇨🇦🇱🇧Հինգ սերունդ, հինգ երկիր. Մէկ ընտանիքի պատմութիւն։ Մեր մայր բնութիւնը կարծես արգիլած է, որ հայրերը եւ զաւակները երկու սերունդ միասին մնան նոյն տեղը։ Ունինք մեր երազած անկախ պետականութիւնը, բայց ի՞նչ է այսօրուան...

Վահէ Պէրպէրեան - Ո՞վ է Հայը․ Հայաստան, Պատերազմ, Կարօտ, Բեմ, Ծիծաղ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #65 26.07.2026

🔴Վիդեօ տարբերակը՝ YouTube -ի վրայ (Arevelkam) 🇱🇧🇺🇸 🎭 Պէյրութի փողոցներէն մինչեւ Լոս Անճելըսի բեմերը․ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ, արուեստագէտ եւ պէյրութահայ։ 🇦🇲 «Աստուած կատակ չի՞ սիրեր»․ ի՞նչ է հայկական հումորի գաղտնիքը եւ ինչպէ՞ս ծիծաղն ու արուեստը կը փրկեն հոգին։ 🎭 Թատրոնի կրակն ու հայ-հայուն վէճերը․ արդեօ՞ք բեմի վրայ «բենզին կը թափուի կրակին վրայ», թէ՞ խօսքը ինքնութիւնը պահելու մասին է։ 💭 Հո...

Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64 11.07.2026

⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։ 🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։ 🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։ 🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։ 💻 Համացանցի դաժանութիւ...

Մարալ Տէյիրմենճեան - Հայաստանի Վիճակ, Լիբանանահայ Գաղութ Եւ Կրթական Կեանք - Եկէք Անկեղծ Խօսինք #63 29.06.2026

🇦🇲Հայաստանը երէկ եւ այսօր. Փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ։ Անցեալին տխուր երկիր էր Հայաստանը, իսկ այսօր՝ ուրախ։ Մեր հիւրը՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ կրթական ոլորտին մէջ։ 🇱🇧Ի՞նչ էին Լիբանանին տրուած «նուէրները»: Պէյրութի մեծ պայթումը ամենասոսակալին էր: Ի՞նչ վնասներ կրեցին Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դարձեալ ոտքի կանգնեցան։ 🇦🇲🇱🇧Լիբանանեան մեծագոյն խնդիրը ի՞ն...

Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62 03.05.2026

🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը «Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։ 🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։ Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։ ⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական...

Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61 05.04.2026

Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։ Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։ 🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։

Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60 22.02.2026

🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր, թէ՞ դիւրին ընտրանք։ 🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։ 🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։ «Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։ 🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մ...

Լեզու, Սփիւռք, Բանաստեղծութիւն, Արեւմտահայերէն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #59 Խաչիկ-Տէր Ղուկասեան 07.02.2026

📝Գրել. Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչո՞ւ։ Լաւ յօդուածը բանավէճ պէտք է ստեղծէ. ինչո՞ւ 🇦🇲Մաքրամաքուր հայերէնը ապրեցնող է՞, թէ՞ վանող։ Ո՞ր պարագային գրողները «աղանդի» մը կը վերածուին։ Արեւմտահայերէնին կեանք տալը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ. ինչո՞ւ։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է արժանթինաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Խաչիկ-Տէր Ղուկասեանին հետ։

Հայու ինքնութիւն, Հայ մամուլ, Եգիպտահայութիւն, Լրագրութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #58 Թովմաս Գորգիսեան 17.01.2026

Ի՞նչ կը նշանակէ երկու գաղթավայր ունենալ: 🇪🇬Եգիպտացի՞, թէ՞ արաբ, ի՞նչ են տարբերութիւնները։ Ի՞նչ պատճառով մեր հիւրին հետ յիշեցինք ՀՀ Ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։ 🇪🇬🇦🇲Եգիպտահայ համայնքի խնդիրներն ու դժուարութիւնները։ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մասին. մեծ հաշուով պատկերը՝ մոխրագոյն է։ Ովքե՞ր են այն երկու խոշոր գործիչները, որոնք այցելած են թէ՛ Գահիրէ թէ’ Աղեքսանդրիա։ 🇦🇲📰Հայ մամուլի ըրածը ա...

Կիպրահայութիւն, Մասոններ, Մելգոնեան Վարժարան , Եկեղեցի | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #57 | Անդրանիկ Աշճեան 28.12.2025

Քանի՞ տեսակ հայրենիք կայ եւ ինչո՞ւ Երկուութիւնը ի վերջոյ խանգարող հանգամանք է 🇨🇾🇦🇲Ինչի՞ կարիք ունի կիպրահայութիւնը Սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրը ո՞րն է Ի՞նչ ըսել է «լոյս տեսնել» «Ազատ որմանդիրներ»ը եւ դաւադրապաշտութիւնը. առնչութիւններ կա՞ն Ի՞նչ ըսած է ՀԲԸՄ-ի երեւելի առաջնորդներէն՝ Ալեք Մանուկեանը Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին մասին։ ⛪️Եկեղեցին ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ 🇦🇲Ո՞ւր է հայը եւ ինչպիսի՞ն է...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն 07.12.2025

🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։ 🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։ 🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։ 🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ 🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։ Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Ս...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն 17.11.2025

🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։ Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։ Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։ Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մ...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ 08.11.2025

🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։ Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։ Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։ ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։ 🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։ Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։ Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագ...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն» 26.10.2025

🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտա...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան 17.10.2025

🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։ Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։ 🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ… 🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։ Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին 06.10.2025

Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։ 🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։ Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։ Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։ 👨‍⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։ Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններ...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն 28.09.2025

❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»: ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք… 🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։ Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։ Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։ 🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։ 🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տար...

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին 13.09.2025

🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։ Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։ Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։ 🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։ Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։ Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին 08.09.2025

🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։ Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։ Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։ Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։ 🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։ Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։ Սփիւռքի մ...

Ascultă podcastul Եկէք անկեղծ խօսինք în Replaio

Radio și podcasturi într-o singură aplicație - gratuit și fără înregistrare. Instaleaz-o azi și nu rata lansarea

Descarcă din Google Play

Replaio nu este editorul podcasturilor; numele emisiunilor, coperțile și materialul audio aparțin autorilor lor și sunt distribuite prin fluxuri RSS publice