Tigrane Yegavian

Բազմազան Արեւելքներ

Արեւելքի քրիստոնեաներու հիմնարկին փոտքասթը Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Bezoek zeker de website van de podcast en steun de maker: feeds.acast.com

Auteur

Tigrane Yegavian

Categorie

History

Website van de podcast

feeds.acast.com

Nieuwste aflevering

8 aug. 2026

Waar luisteren?

Podcasts in de app Replaio Radio Binnenkort beschikbaar

Podcasts komen binnenkort naar de app. Installeer nu en zie als eerste een compleet nieuwe kijk op podcasts

Download het op Google Play Gratis installeren Android bijna 10 mln downloads · beoordeling 4,7+ iOS binnenkort

Afleveringen

Երիտասարդ ըլլալ Հալէպի մէջ 08.08.2026

Արաբերէնի ուսուցիչ, մանկավարժ եւ երաժշտագէտ Յովիկ Օհանեան կը վկայէ Հալէպի մշակութային կեանքին մասին եւ կը ներկայացնէ այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի հայ երիտասարդութիւնը՝ ճգնաժամի եւ անորոշութեան այս ժամանակաշրջանին։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

ՀԱԼԷՊ՝ ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹԸ՝ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ԴԻՄԱՑ 08.08.2026

Հալէպի մէջ ձայնագրուած այս փոտքասթին ընթացքին, հայագէտ Մարիա Գաբրիէլեան կը խօսի հայ համայնքի կեանքին մասին՝ ներկայ անցումային այս ժամանակաշրջանին մէջ, ներկայացնելով անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր յոյսն ու ապագայի հանդէպ ակնկալութիւնները։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Պէյրութէն մտածելով հայկական աշխարհը 10.06.2026

Այս յայտագրին հիւրն է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան։ Ան կը ներկայացնէ իր գիտահետազօտական գործունէութիւնը, սփիւռքագիտութեան եւ արդի հայկական աշխարհին վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։ Զրուցակիցները նաեւ կ'անդրադառնան Հայկազեան համալսարանի ինքնութեան, անոր առանձնայատուկ տեղին Լիբանանի եւ համահայկական իրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ համալսարանին ու...

Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ 11.05.2026

Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրա...

Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց 08.04.2026

Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։ Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։ Համալսարանի...

Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ 04.04.2026

Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագա...

«MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը 12.03.2026

Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր 27.02.2026

Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մա...

Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը 22.02.2026

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝ 10.02.2026

Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։ 04.02.2026

Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Լիբանանի Պիքֆայա Հայ Առաքելական Դպրեւանքի վերատեսուչն է։ Այս երիտասարդ հոգեւորականը կը վկայէ իր առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին՝ նուիրուած հաւատքի փոխանցմանն ու էկումենիզմին՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը 04.02.2026

Նորա Սարաֆեան-Թաչճեան լիբանանահայ կրթական մշակ մըն է, որ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է սփիւռքահայ կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխանցման հարցերուն մէջ։ Լիբանանի հայ կրթական միջավայրէն եկած՝ ան այսօր կը ղեկավարէ Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային Տունը եւ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակութային կեանքի ակտիւ դերակատար։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Luister naar de podcast Բազմազան Արեւելքներ in Replaio

Radio en podcasts in één app - gratis en zonder account. Installeer vandaag nog en mis de lancering niet

Download het op Google Play

Replaio is geen uitgever van podcasts; namen van shows, covers en audio zijn eigendom van hun makers en worden verspreid via openbare RSS-feeds