NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.07.2024 14:19
ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ Ռեմոն Եզեկէլեանի։ ՓԱՐԻԶ - Ազնաւուրին նուիրուած յուշատախտակի բացում՝ Մոնմարթրի մէջ։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - «Տէրեանական օր»՝ Գանձա գիւղին մէջ։ ԼԻԶՊՈՆ - Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակի Օրը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 23.07.2024 9:00
Փաթրիք Քարամի հակազդեցութիւնը՝ Պաքուի մէջ «Ֆրանսական գաղութներու ազատագրման միջազգային ճակատ»-ի ստեղծման առթիւ. «Ես ամօթ կը զգամ անդրծովեան տարածքներէն եկող այս լուսանցքային մարդոց տեղը»։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ Նախագահ Մաքրոն՝ Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքի մասին. «Բնական է որ դաշնակիցները զիրար զինեն իրենց ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար»։ Հերմոնի վանական համալիրի տարածքին պեղումներու ընթաց...
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20.07.2024 8:19
«Մոնոփոլի Հայաստան» - Առաջին անգամ ըլլալով յառաջիկայ օրերուն վաճառքի պիտի հանուի «Մոնոփոլի» հանրածանօթ խաղի՝ Հայաստանի պատշաճեցուած տարբերակը՝ «Monopoly Armenia»։ ՓԱՐԻԶ – ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ - Կռփամարտիկ Դաւիթ Չալոյեան՝ Հայաստանի դրօշակակիրը։ ՍՈՒՐԻԱ - Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուած է։ Հայագիտական միջազգային գիտաժողով՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձո...
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.07.2024 12:08
ՖՐԱՆՍԱ – ԱՐՑԱԽ - Հօ-տը-Ֆրանս կը սերտացնէ իր աջակցութիւնը։ Արցախի հայ բնակչութեան՝ 40.000 եւրօ նոր օգնութիւնովԳարեգին արք. Պեքճեան այսուհետեւ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ։ ԻՏԱԼԻԱ - Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն՝ Փուլիայի շրջանին մէջ։ Երեւանի սրտին՝ «Շառլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացուած է «Գասպարեանի Ազնաւուրը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.07.2024 8:58
«Ոսկէ Ծիրան»-ի «Վարպետ» մրցանակը՝ Գրիգոր Պըլտեանին։ ՖՐԱՆՍԱ - Մուրատ Փափազեան պարգեւատրուած է «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանով։ ԱՄՆ Ազերպայճանին կոչ կ՚ընէ ապահովելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը։ ԱՄՆ-ու գոնկրէսականները նախագահ Պայտընին կոչ յղած են ապահովելու արցախահայութեան ապահով վերադարձը իրենց տուները։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.07.2024 3:50
Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի՝ Ատոմ Եղոյեանի «Եօթը քօղ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Սամանթա Փաուըր ժամանած է Հայաստան։ Սենեկային երաժշտութեան համերգ՝ Արցախէն երաժիշտներու կատարողութեամբ։
Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը 08.07.2024 10:22
ՖՐԱՆՍԱ - Խորհրդարանական ընտրութիւններ – Անակնկալներու Բ. փուլը։ Ալիեւ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ գրաւեալ Արցախի մէջ բնակեցնել շուրջ 20 հազար ազերիներ։ Նիկոլ Փաշինեան. «Երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն»։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06.07.2024 11:32
Պոլսոյ մէջ ձայնասփիւռի կայան մը փակուած է «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելուն համար։ ՓԱՐԻԶ - Դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւն՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Ֆրանսական « Accor »-ը պիտի կառուցէ աւելի քան 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ պանդոկային համալիր։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Նշուած է Աշուղ Ջիւանիի օրը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.07.2024 5:08
Պերնար Քուշներ Ֆրանսային կոչ կ՚ընէ պոյքոթի ենթարկելու COP29-ը։ Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Սպիտակ քաղաքը։ Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստան այսօր գոյութիւն չէր ունենար, եթէ ժողովրդավարական երկիր չըլլար։ Ոչ եւս է Եղիշէ Չարենցի կրտսեր դուստրը՝ Անահիտ Չարենց։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յուլիս 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը 02.07.2024 10:09
Խումբ մը եւրոերեսփոխաններ միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտած են Պաքուի եւ Մոսկուայի՝ ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութիւնը քննադատող կեցուածքը։ ՓԱՐԻԶ - Ֆրանսախօսութեան խաղերուն դրօշը յանձնուեցաւ Հայաստանին։ Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած է Խորհ. Միութեան փլուզումէն ետք յայտնաբերուած՝ հայ հեղինակներու 101 բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29.06.2024 10:24
ՓԱՐԻԶ - «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուին շնորհահանդէսը։ ԻՏԱԼԻԱ - Պալէի աստղեր Րաֆֆի Գալստեան եւ Գոռ Սարգսեան միջազգային մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած են։ Փարաճանով. «Ես վրէժխնդիր կ՚ըլլամ աշխարհէն՝ սիրոյ միջոցով» Սերգեյ Փարաճանովին նուիրուած ֆիլմը իր շուրջ համախմբած է համաշխարհային աստղեր։ Ճափոնի մէջ առաջին Թումօ կեդրոնը կը բացուի 2025-ին։ Հայաստա...
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27.06.2024 6:30
Երուսաղէմի հայկական եւ այլ եկեղեցիներու առաջնորդները միացած են ընդդէմ քաղաքապետարանի՝ եկեղեցական գոյքի վրայ տուրք սահմանելու որոշումին։ Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Սիւնիքի մարզ։ Ազերպայճան բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ արդէն երեք հազար հոգի բնակեցուցած է։ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ - Հանդիպում՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.06.2024 7:18
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը կը բացուի Ատոմ Եղոյեանի «Seven Veils» ժապաւէնով։ ՊԱՂԵՍՏԻՆ - Շնորհաւորական այց Պաղեստինի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարարուհի՝ Վարսէն Աղաբեկեանին։ ԻՏԱԼԻԱ - Համիտեան ջարդերուն վերաբերող արխիւային նիւթեր՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին։ Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է հայ-վր...
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22.06.2024 5:15
ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ - Խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է հայազգի Ռայա Նազարեան։ Շրջանառութեան մէջ դրուած են Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերը։ Եւրոպական յանձնաժողովը 15 միլիոն եւրօ կը յատկացնէ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական բնագաւառին։ Եւրոպական Միութիւնը 100 հազար եւրօ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ աղէտի գօտիին։ Պաքու կը դատապարտէ սպառազինութեան՝ ֆրանքեւհայկական նոր համաձայնագիրը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20.06.2024 10:59
ՖՐԱՆՍԱ - 120 անձնաւորութիւններ նախագահ Մաքրոնէն կը պահանջեն զօրաբաժին ղրկել Հայաստան։ Հայաստան ու Ֆրանսա ռազմաթէքնիք մարզին մէջ համագործակցութեան շարք մը համաձայնագրեր կնքած են։ Լիոնի հիւպատոսական տարեկան տօնին ներկայացուած է «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագիր ժառանգութիւնը» ալպոմը։ ՓԱՐԻԶ - Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան՝ Պատուոյ լեգէոնի շքանշանակիր։ «Զարմանազան-Քալիֆորնիա»-ն սկսած է…։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.06.2024 7:08
Amnesty International. «Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընենք անաչառ եւ անյապաղ հետաքննելու վերջին հանրահաւաքի ընթացքին տեղի ունեցածը»։ ԵԹՈՎՊԻԱ - Բեմադիրներ Գալայճեանի եւ Պապոյեանի «Թեզեթա» ֆիլմը միջազգային փառատօնին արժանացած է մրցանակի։ Փաշինեան կը սպառնայ. «Յոյս ունեմ, որ չեն հասցնի նրան, որ մենք առաքենք այս ուղերձները արդէն կոնկրէտ հասցէներով»։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 15-ի ձայնագրեալ լրահոսը 15.06.2024 5:53
ՓԱՐԻԶ - «Երգ ու բանաստեղծութիւն. Մեծարալք՝ Շառլ Ազնաւուրին» խորագրեալ գիտաժողով Սորպոն համալսարանին մէջ։ Փրանկիսկոս Պապ – Արամ Ա. Վեհափառ հանդիպում՝ Վատիկանի մէջ։ «Գեղարդ» հիմնադրամ. «Թուրքիա բացայայտօրէն կ՚աջակցի “Արեւմտեան Ազերպայճան” կոչուած կեղծիքի տարածումին»։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13.06.2024 10:08
ԼԻՈՆ - Բարեսիրական ընթրիք Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ ի նպաստ Արցախի գաղթականներուն։ Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժած է արտակարգ նիստ գումարելու ընդդիմութեան դիմումը։ Կլենտէյլի քաղաքապետը Հայաստան կ՚այցելէ։ ԼԵՀԱՍՏԱՆ - Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը «Հայնովքա» փառատօն-մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.06.2024 4:40
Ֆրանսայի մէջ ծայրայեղ աջի լայն յաղթանակէն ետք՝ նախագահ Մաքրոն լուծեց Ազգային ժողովը։ ՔՈՒԷՅԹ - Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։ ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Հայաստան ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ։ S&P վարկանիշային գործակալութիւնը կ՚ենթադրէ, որ Ազերպայճան եւ Հայաստան նախքան COP29 կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.06.2024 6:02
Պաքուի համաձայն՝ Արցախի նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամանակաշրջանը պիտի երկարաձգուի։ Ազերպայճանի մէջ կը քննարկեն Փաշինեանի մասնակցութեան կարելիութիւնը Պաքուի COP-29 համաժողովին։ «Լեմքին» հիմնարկը քննադատած է Հայաստանի վարչապետին Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնները։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պերլինի մէջ ցուցադրուած են Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանի նոր ֆիլմերը՝ «Պատմող առարկաներ» եւ «Սեմեր»։
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունիս 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.06.2024 7:11
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքապետական պատուիրակութիւնը այցելած է ԿԳՄՄ նախարարութիւն։ Հրապարակուած է Շառլ Ազնաւուրի նոր խտասալիկը։ Նազելի Բաղդասարեան. «Փաշինեանի աշխատանքային օրակարգին վրայ Պաքու այց ծրագրուած չէ։ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայաստան մասնակցած է զբօսաշրջութեան բնագաւառի քննարկումներուն։
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.05.2024 5:41
«Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին Հայաստան գրաւեց 8-րդ տեղը։ ՖԻՆԼԱՆՏԱ – Հելսինքի - Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգ։ Անն Լոռանս Փեթել՝ Փարիզի մէջ Ազերպայճանի դեսպանին. «Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ են երկու կողմերէն ալ զիջումներ եւ ջանքեր»։ Ազերպայճանցի բարբարոսները հիմնայատակ կործանած են Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։ Պոլսոյ մէջ նշուած է Զահրատի 100-ամեակը։
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.05.2024 4:53
Հայաստան կը մասնակցի Փարիզի «VIVA TECHNOLOGY 2024» ցուցահանդէսին։ ՀՌՈՄ - Ցուցադրուած է «Աւրորայի լուսաբացը» ժապաւէնը։ ՄՈՍԿՈՒԱ - Վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Փութինի հանդիպումը։ ԵՐԵՒԱՆ - Փաշինեան՝ Տաւուշի մէջ իրականացուող սահմանազատման մասին. «Եթէ կասեցնենք գործընթացը, սկսուելու է պատերազմ»։
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.05.2024 6:32
Կիրանց տանող ճամբան բացուած է։ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամները Կիրանց գիւղէն քալերթով մեկնած են դէպի մայրաքաղաք։ Ազերպայճանի ժողովուրդին 96,2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Կէօյչան» կը համարէ ազերպայճանական պատմական հողեր։ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի յայտարարութիւնը. «Շարունակական զիջումները չեն կրնար զսպել ազերպայճանական ծաւալապաշտութիւնը»։ ԼԻԲԱՆԱՆ - Հայաստանի դեսպանատան դիմաց նստացոյ...
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.05.2024 7:25
ՖՐԱՆՍԱ - «Գորշ գայլեր»-ու ստորագրութեամբ հակահայ արձանագրութիւններ դպրոցի մը պատերուն վրայ։ ՖՐԱՆՍԱ - Տարմանէն խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի «չափազանց վնասակար միջամտութիւնը» Նոր Գալետոնիոյ մէջ։ Ազերպայճանցի սահմանապահներու յայտարարութիւնը։ ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան. «Հայաստան ճիշդ ճամբով կ՚ընթանայ»։ Ըստ Արման Թաթոյեանի՝ Ազերպայճան կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ բնակեցնել շուրջ 300 հազար Ազերպայճանցի։
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.