NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2025 Փետրուար 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.02.2025 10:50
ԼԻԲԱՆԱՆ - Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նշանակուած է Մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար’ Նորվեկիոյ մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան նշանակուած է Մայքըլ Գաւուքճեան’ ՖՐԱՆՍԱ – ԼԷՆ-ՓԷՆ-ՄԻՐԱՊՕ - Միսաք եւ Միլինէ Մանուշեանի յիշատակը յաւերժացնող կոթողին բացման արարողութիւնը’ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Կլենտէյլի մէջ բացումը կատարուած է Համազգայինի նոր կեդրոնին’ 30 հազար արցախցի լքած է Հայաստանը’ ԽՐՈՒԱԹԻԱ - Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած հատո...
«Նոր Յառաջ» 2025 Փետրուար 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը 08.02.2025 10:42
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Վարչապետը ելոյթ ունեցած է Ատլանտեան խորհուրդի նիստին եւ պատասխանած փորձագէտներու հարցումներուն։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պերլինի մէջ հրատարակուած է «Քսաներորդ դարը՝ քերթուածք եւ արձակ Հայաստանէն» հատորը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Տիգրան Մանսուրեանի «Մեներգեր» ժողովածուի շնորհահանդէսը։ ԼԻԲԱՆԱՆ ) Վերջին օծում եւ կարգ թաղման՝ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի։ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Թրամփի առաջարկը Կազայի մասին. «Քանդումի ենթ...
«Նոր Յառաջ» 2025 Փետրուար 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06.02.2025 8:09
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կնոջ հետ աշխատանքային այցով (Փետրուար 3-7) ժամանած է Ուաշինկթըն։ ԹԵՀՐԱՆ - Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան բանակի 33-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւն։ ԵԹՈՎՊԻԱ - Եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Սիրոյ սեղան եւ նուիրահաւաք ի նպաստ Հրանդ Տինք վարժարանի։ ՖՐԱՆՍԱ - Ժորժ Քեփենեկեան կը յայտարարէ իր թեկնածութիւնը...
«Նոր Յառաջ» 2025 Փետրուար 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.02.2025 9:58
ՖՐԱՆՍԱ - Լոռան Վոքիէզ կը ստանձնէ Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավարութիւնը։ Բուռն քննադատութիւններէ ետք Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ չէ ուրացած Հայոց ցեղասպանութիւնը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած բանախօսութիւն։ Առաքելոց վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուած են Եւրոպայի 14 առաւելագոյն վտանգի ենթարկուած ժառանգութեան վայրերու ցանկին մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Փետրուար 1-ի ձայնագրեալ լրահոսը 01.02.2025 5:26
ԵՄ-ի երկիրներու դեսպանները հաւանութիւն տուին Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան երկարաձգման։ Ռուսաստանի փոխվարչապետ Օվերչուք զգուշացուցած է, թէ եթէ Հայաստան անդամակցի ԵՄ-ին, Երեւանի առջեւ կը փակուի ԵԱՏՄ-ի շուկան։ «Անին եւ անեցիները» գիրքը. նոր հայեացք՝ մայրաքաղաք Անիին։ Հայկական ազգային օփերայի հիմնադիր Արմէն Տիգրանեանին նուիրուած ցուցահանդէս՝ «Կումայրի պատմամշակութային արգելոց-թանգարան»-ին մէջ...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը 30.01.2025 4:18
Պաքուի դատարանը մերժած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութիւնը փոխարինել տնային կալանքով։ ՊԵԼՃԻՔԱ - Դեսպան Տիգրան Բալայեան մասնակցած է ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր ձեռնարկին։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Յուշ-երեկոյթ նուիրուած՝ Առնօ Բաբաջանեանին։ Տարեկան ուխտագնացութիւն՝ դէպի Յորդանան գետ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28.01.2025 9:56
ԼԻՈՆ - Ռումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեան Լիոնի մէջ ներկայացուցած է իր «Շշուկներու մատեան» հատորը։ ՓԱՐԻԶ - Հայաստան առաջին անգամ կը մասնակցի «Wine Paris» գինիներու միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսին։ ԱՄՆ - Հայ դերասաններու մասնակցութեամբ Շոն Պեյքըրի «Անորա» ֆիլմը թեկնածու է «Օսքար»-ի մրցանակին։ ԻՏԱԼԻԱ - Եղիշէ Չարենցի իտալերէն եռահատորի շնորհահանդէսը։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պարպին եւ Եղէգնաձորը կը դառնան զուգոր...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը 25.01.2025 8:36
Հայաստանի փառերգի փոփոխութեան մասին օրէնքը ընդունուած է։ Օփերայի եւ պալէի թատրոնը այլեւս ազգային պիտի չըլլայ։ Փաշինեան՝ Արցախի նախկին պաշտօնատարներու դատավարութեան մասին. «Տեսարանները, որ տեսանք, մտահոգիչ են»։ Ազգային գրադարանին մէջ բանախօսութիւն՝ նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին։ ՇՈՒԷՏ - Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած է Էօրեպրոյի հայ համայնքին հետ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը 23.01.2025 8:20
Պաքու կը փորձէ խաբել համաշխարհային հանրութիւնը՝ խաղալով Արցախի ղեկավարութեան «բաց դատավարութիւն»։ Փաստաբանները իբրեւ թէ բանտարկութիւնը «տնային կալանք»-ով փոխարինելու դիմում ներկայացուցած են։ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Նախարար Նարեկ Մկրտչեան եւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպանը մասնակցած են Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութեան նուիրուած երեկոյթին։ Տիեզերք ղրկուած է «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը։ Վանաձորի դրամատիկական թա...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.01.2025 8:54
ՊՈԼԻՍ - Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան առջեւ, հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Հայ անմեղ գերիները, հիւծուած՝ կը ներկայացուին Պաքուի զինուորական դատարան։ Ալիեւի յաջորդական խեղկատակութիւնը։ ՓԱՐԻԶ - Հանդիպում-ասուլիս՝ «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» ծրագրին շուրջ։ Կնքահայրութեամբ՝ Սիլվէն Թեսոնի։ ԱՄՆ – ՓԵՆՍԻԼՎԱՆԻ...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը 18.01.2025 8:39
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Պլինքըն. «Յառաջիկային սահմանային անվտանգութեան յատուկ խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան»։ ԼԻԲԱՆԱՆ - Պէյրութահայութիւնը ցնցուած է. դաժանօրէն սպանուած է Վաչէ Արսլանեան։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան 20 զինուորներու մահուան պատասխանատու նկատուած է։ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Հրդեհին հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած «Սահակ Մեսրոպ» հայկական դպրոցի աշակերտները իրենց ուսումը...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը 16.01.2025 5:05
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Հայաստան ու Միացեալ Նահանգներ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատող փաստաթուղթ մը։ Օլիվիէ Տըքոթինյի. «Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին առանց նախապայմանի, ամբողջական եւ հաստատուն է»։ ԵՐԵՒԱՆ - Սերժ Աւետիքեանի նախաձեռնութեամբ ծայր առած են երկլեզու դրամատիկական արուեստանոցի աշխատանքները։ 2024-ին Հայաստան այցելած է աւելի քան երկու միլիոն զբօսաշրջիկ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.01.2025 8:33
Հայաստան` աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներու տասնեակին մէջ։ Հայերը աշխարհի մէջ 8-րդ ամէնէն խելացի ազգն են։ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան պայմանաժամը կրնայ երկու տարի երկարաձգուիլ։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ հրդեհի վնասը կը գերազանցէ 60 միլիառ տոլարը։ ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Այցելութիւն Դամասկոսի նահանգապետ Մահեր Մրուանին։ ՊՈԼԻՍ - Ընդունելութիւն՝ տիկնանց կազմերու։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը 11.01.2025 4:22
ԱՄՆ - Հարաւային Գալիֆորնիոյ կատաղի հրդեհին պատճառով տարհանուած են հազարաւոր հայ ընտանիքներ եւս, քանդուած են տուներ եւ համայնքային կառոյցներ։ Փաշինեան. «Հայաստանի մէջ չէ եղած, չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ազերպայճան», իսկ Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետի մօտ կ՚աւարտի»։ Ազերպայճանէն արձագանգած են Փաշինեանի առաջարկներուն։ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի նախագահ ընտրուեցաւ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը 09.01.2025 5:00
Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սուրբծննդեան առթիւ իր բարեմաղթանքները կը յղէ երկրի ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքին…։ Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի դատաքննութիւնը կը սկսի Յունուար 17-ին։ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք-կաթողիկոս պատարագ մատուցած է Պոլսոյ մէջ։ ԱԼՖՈՐՎԻԼ - Պատարագ եւ Ջրօրհնէք՝ Ս. Պօղոս – Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ։ Տըքոթինյի՝ հայկական Սուրբ ծնունդին առթիւ։
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը 07.01.2025 6:01
Սուրիոյ Պատմութեան դասագիրքերէն ջնջուած է «Օսմանեան բռնագրաւում» ձեւակերպումը։ Չեխական ծանօթ կայքերէն մէկը Հայաստանը ներառած է 2025-ի ամէնէն հետաքրքրական զբօսաշրջային վայրերու ցանկին մէջ։ ՎԵՆԵՏԻԿ - Լոյս տեսած է Հ․ Վահան վրդ․ Յովհաննէսեանի «Բարի լոյս Հայաստան» հայկական աւանդավէպը։ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս։ Ամանորեայ ուտելիքը կ՚ընդգծէ տօնական սեղաններու միասնակա...
«Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը 04.01.2025 4:43
Մոմավառութիւն՝ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ։ Սուրբծննդեան տօնին առթիւ՝ ընդունելութիւն եւ հայրապետական այցելութիւն։ Հայ-իրանական սահմանը այսուհետեւ կը վերահսկեն մի՛այն Հայաստանի սահմանապահները։ Իսրայէլ աշխուժացուցած է զէնքի մատակարարումները Ազերպայճանին։ 2024-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելած է աւելի քան հարիւր հազար հոգի։
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 31-ի ձայնագրեալ լրահոսը 31.12.2024 7:00
Հայաստանի՝ 2024-ի գիտական նուաճումները։ Փաշինեան. «Հայոց պատմութեան» դասագիրքը պէտք է վերանուանուի «Հայաստանի պատմութիւն»։ Ոսկեայ դրոշմաթուղթ նուիրուած՝ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - Քերալա նահանգի միջազգային փառատօնին ցուցադրուած են հայկական ժապաւէններ։ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Պաքուպայի վերանորոգուած «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանին օծումը։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Օրտուի մէջ գտնուած հայատառ գերե...
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28.12.2024 8:49
ՖՐԱՆՍԱ - Հրապարակուեցաւ Պայրուի՝ նոր կառավարութեան կազմը։ 1920-ականներուն Լիբանանի մէջ հայ որբերու հիւսած գորգը նուիրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին։ ԵՐԵՒԱՆ - Վերածնուած Արցախի սենեկային նուագախումբին անդրանիկ ելոյթը։ ԻՐԱՆ - Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը՝ հայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը 24.12.2024 8:01
ԻՏԱԼԻԱ - Հայագիտական գիտաժողով՝ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին մէջ։ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Աւետիս Հաճեանի «Թուրքիոյ թաքնուած հայերը» գիրքը։ ԻՐԱՆ –ԹԱՒՐԻԶ - Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում» մատենաշարի Գ. հատորի շնորհահանդէսը։
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը 21.12.2024 8:35
ՍՈՒՐԻԱ - ՄԱԿ-ի բանագնացը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ։ ՄԱՐՍԻԼԻԱ - « Henri Verneuil, raconteur d’histoires » գիրքի ներկայացումը։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - ՇԱՒԻԼ - Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նոյ լոյս տեսած գիրքի շնորհահանդէսը։ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ - Բարեսիրական տօնավաճառ՝ յաջակցութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Հայաստանի եւ Ուրուկուայի միջեւ կրթութեան...
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը 19.12.2024 9:08
ՊՐԻՒՍԷԼ - Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը կոչ յղած է Եւրոպական Միութեան՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Ազերպայճանցի դատախազները Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շուրջ 45 յօրինուած նոր մեղադրանք յարուցած են։ Հալէպի հայկական վարժարանները վերսկսած են իրենց ուսումնական ընթացքը։ ՊԵԼՃԻՔԱ - Հայաստանի դեսպանին դասախօսութիւնը Լուվէնի կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ ՓԱՐԻԶ - Հայաստան-Սփիւռք խմբակցութեան առաջ...
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 17-ի ձայնագրեալ լրահոսը 17.12.2024 11:25
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - ՓԼԵՍԻ-ՌՈՊԵՆՍՈՆ - Շէն-ի տարեկան տօնավաճառը։ ՊՈԼԻՍ - Մահացած է պոլսահայ հրատարակչական աշխարհի ամէնէն ծանօթ դէմքերէն Եդուարդ Թովմասեան (Թոմօ)։ Սուրիոյ դպրոցներն ու համալսարանները ուսումնական իրենց ընթացքը կը վերսկսին։ Հայ գրականութիւնը՝ չինարէնով։ Համազգայինը լոյս ընծայած է «Իմ Արցախ» եւ «Իմ Հայաստան» գրքոյկները։
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14.12.2024 8:31
ՖՐԱՆՍԱ - Տխրունի - Մահ՝ Գրիգոր Փափացեանի։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Երէկ եւ այսօր. Ժագ տը Մորկանի հետքերով» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէս։ ԻՏԱԼԻԱ - Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ժապաւէնը շահած է Հռոմի միջազգային փառատօնի մրցանակը։ Միրզոյեան. «Մեր տարածաշրջաին մէջ ցեղասպանութեան ականատես եղանք ոչ միայն 110 տարի առաջ, այլեւ անցեալ տարի՝ 2023-ին»։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ոգեկոչուած է հայ նշանաւոր քեամանչահար Սաշա Օգանեզաշվ...
«Նոր Յառաջ» Դեկտեմբեր 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12.12.2024 7:29
Սուրիա եւ սուրիացիք կը ջանան վերադառնալ բնականոն կեանքի։ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ կը ծածանի նոր իշխանութեան դրօշը։ ԵՐԵՒԱՆ - Տօնական մթնոլորտ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ ԵՐԵՒԱՆ - Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս։ ՄՈՍԿՈՒԱ - Հոգեւոր-դասական երաժշտութեան երեկոյթ՝ հայկական եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի՝ Գարեգին արք. Պեքճանին ն...
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.