NORH
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ-
Where to listen?
Podcasts in the app Replaio Radio Coming soonPodcasts are coming to the app soon. Install now and be the first to see a whole new take on podcasts
Episodes
«Նոր Յառաջ» 2022 Մայիս 17 - ձայնագրեալ լրահոս 17.05.2022 6:45
ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ - Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նոր կեդրոնի բացում՝ Ալմելոյի մէջ։ Freedom House դիմած է Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն եւ ոստիկանութեան։ 300 սփիւռքահայ մասնագէտներ ՀՀ պետական համակարգին մէջ աշխատելու դիմում կատարած են։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մայիս 14 - ձայնագրեալ լրահոս 14.05.2022 11:48
Լա Հէյի Խաղաղութեան պալատին մէջ կատարուած է հայկական խաչքարի բացումը։ ԱՒՍՏՐԻԱ - Արցախի թեմի առաջնորդը մասնակցած է Սալցպուրկի համալսարանին մէջ կայացած գիտաժողովին։ ՓԱՐԻԶ-ԻՒՆԷՍՔՕ - Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակի համերգ։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մայիս 12 - ձայնագրեալ լրահոս 12.05.2022 10:57
ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ Ժընեւի մէջ կատարուած է «Արմենի» հրապարակին բացումը։ Դոկտ. Նորա Արիսեան՝ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան նշանակուած է։ ՖՐԱՆՍԱ - Մարսիլիա Քաղաքապետ Փեյան ընդունած է Յասմիկ Տոլմաջեանն ու Յովհաննէս Գէորգեանը։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մայիս 7 - ձայնագրեալ լրահոս 07.05.2022 8:00
Թուրքիա թոյլ չէ տուած «Flyone Armenia»-ին իր օդային տարածքով թռիչքներ կատարելու դէպի Եւրոպա։ ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ քամանչայի վարպետ եւ աշուղ Գագիկ Մուրադեանի։ Յուլիս 20-էն 30 Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մայիս 5 - ձայնագրեալ լրահոս 04.05.2022 7:56
ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարին մեկնաբանութիւնը՝ Հադրութի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծման վերաբերեալ։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Ազգայնական կուսակցապետը Փայլանին կը յանձնարարէ լքել Թուրքիան։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ դէմ բացած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը ընթացքի մէջ է։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 30 - ձայնագրեալ լրահոս 30.04.2022 8:47
Ֆրանսա կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներու միջեւ հաստատուած հեռաձայնային ուղղակի կապը։ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ- ԼԻՈՆ, յարաբերաբար՝ տժգոյն Ապրիլ 24 մը։ Մարսիլիոյ ցոյցը։ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ Պորիս Ճանսընին ուղղուած իւրայատուկ կոչը։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 28 - ձայնագրեալ լրահոս 27.04.2022 7:12
ՊԵԼՃԻՔԱ - Պրիւսէլի մէջ պղծուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշակոթողը։ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ - Փարիզի հաւաքը։ ՓԱՐԻԶ - Յաղթանակի կամարին տակ ոգեկոչման արարողութիւն` նուիրուած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։ ՎԵՐՍԱՅԼ - Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բացառիկ համերգ՝ Վերսայլի արքայական պալատին մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 26 - ձայնագրեալ լրահոս 26.04.2022 6:29
ՖՐԱՆՍԱ - Էմանիւէլ Մաքրոն վերընտրուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ։ ՓԱՐԻԶ - Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը՝ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ։ ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաստառի բացում՝ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային արխիւներու եւ գրադարանի շէնքին առջեւ։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Պայտըն Ապրիլքսանչորսեան իր ելոյթին մէջ կրկին արտասանած է «ցեղասպանութիւն» եզրը, անգամ մը եւս թիրախ...
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 23 - ձայնագրեալ լրահոս 23.04.2022 4:39
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը մասնակցած է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած բողոքի երթ։ Փետրուար 24-էն ի վեր աւելի քան հինգ միլիոն հոգի լքած է Ուքրաինան։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 21 - ձայնագրեալ լրահոս 20.04.2022 5:10
ԿԻՊՐՈՍ - Երբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահուհին նեղ կացութեան կը մատնէ Զելենսքին։ ՖՐԱՆՍԱ - «1915 Ապրիլ 24 - Հայոց ցեղասպանութիւն» հրապարակի բացումը Նիմ քաղաքին մէջ։ ՓԱՐԻԶ - Բոլորս միասին, յանուն Արցախի։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 16 - ձայնագրեալ լրահոս 16.04.2022 8:05
ՓԱՐԻԶ - «Շաւարշ Միսաքեան» հրապարակը պիտի վերանուանուի «Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեան»։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ոստիկանութեան կարգադրութեան համաձայն չըլլալով՝ լքած է ժողովը։ Մահ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու խորհրդանշական դէմք՝ Ռոմէն Կոզմոյեանի։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 14 - ձայնագրեալ լրահոս 14.04.2022 10:30
Փարիզի «Հայկական Սփիւռքի հարցախոյզ»-ի 2021-ի արդիւնքներուն ներկայացումը։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Գուրպըվուա Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն։ ՈՒՔՐԱԻՆԱ Պատերազմին հայ զոհերու թիւը արդէն առնուազն 23-ի հասած է։ Ս. Յարութեան տօնին Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կազմակերպած է դէպի Դադիվանք։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 12 - ձայնագրեալ լրահոս 12.04.2022 6:38
Ազգիս ձայնը - Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն ֆրանսախօս աշխարհին մէջ ան դարձած է ազգիս ձայնը, ներկայի հայկական իրականութեան խղճի ձայնը։ ՖՐԱՆՍԱ – ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ - Առաջին երկու դիրքերու վրայ հասան էմանիւէլ Մաքրոն եւ Մարին Լը Փէն։ Մարաղայի ջարդը ցոյց տուաւ Պաքուի ցեղասպան ծրագրերը Արցախի ամբողջ բնակչութեան նկատմամբ - Արցախի ԱԳ նախարարութեան յայտարարութիւնը։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 9 - ձայնագրեալ լրահոս 09.04.2022 8:06
ՖՐԱՆՍԱ - Արցախի առաջնորդին եւ Դադիվանքի վանահօր այցելութիւնը Ֆրանսա։ ՖՐԱՆՍԱ–Լուրտ - Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համաժողովին։ ԱՆԳԼԻԱ - Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը մասնակցած է Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառին։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 9 - ձայնագրեալ լրահոս 09.04.2022 8:06
ՖՐԱՆՍԱ - Արցախի առաջնորդին եւ Դադիվանքի վանահօր այցելութիւնը Ֆրանսա։ ՖՐԱՆՍԱ–Լուրտ - Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համաժողովին։ ԱՆԳԼԻԱ - Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը մասնակցած է Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառին։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 7 - ձայնագրեալ լրահոս 07.04.2022 7:00
ՄՈՆԱՔՕ - Արման Եղոյեան՝ ֆրանսախօսութեան տարածաշրջանային համաժողովին.– “Ցարդ տասնեակներով հայ ռազմագերիներ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ”։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Ասատուրի «Երթուղիներ եւ հետքեր» ցուցահանդէսը Օսթհաուսի թանգարանին մէջ։ Վալերի Պուայէ.– “Աշխարհ լուռ կը հետեւի Արցախի դէմ Ազէրպայճանի ոտնձգութիւններուն”։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 5 - չայնագրեալ լրահոս 05.04.2022 15:11
Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է նշանաւոր գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Լէ Լիլա - Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն։ ՖՐԱՆՍԱ - Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ տեղադրուած խաչքարին բացման արարողութիւնը։ ՖՐԱՆՍԱ - Վերջին գիծ՝ դէպի նախագահական ընտրութիւն։
«Նոր Յառաջ» 2022 Ապրիլ 2 - ձայնագրեալ լրահոս 02.04.2022 4:16
Փաշինեան եւ Ալիեւ Ապրիլ 6-ին հանդիպում պիտի ունենան Պրիւսէլի մէջ։ Փաշինեան անընդունելի կը համարէ Լաչինի միջանցքի բաղդատութիւնը Հայաստանի տարածքով բացուելիք ճանապարհին հետ։ Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան Ատանայի ջարդերը կը վերլուծէ անգլերէն նոր հատորի մը մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 31 - ձայնագրեալ լրահոս 31.03.2022 8:01
ՖՐԱՆՍԱ. Իվըլին նահանգի Մոնթինյի-լը-Պրըթոնէօ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Շառլ Ազնաւուր» արուեստներու կեդրոնին։ ՖՐԱՆՍԱ. Լիմոժ քաղաքին մէջ բացուած է «Նուռ» միօրեայ հայկական վարժարանը։ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հանդիպում։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 29 - ձայնագրեալ լրահոս 29.03.2022 5:48
Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական նոր պատուիրակ նշանակուած է գեր. Մաուրիցիօ եպիսկ. Մալվեսթիթի։ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը սկսած է ընդունիլ «Քայլ դէպի տուն» ծրագրի դիմումները։ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ. Մամուլեանի վերանորոգուած երկու ֆիլմերու ցուցադրութիւն՝ UCLA-ի մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 26 - ձայնագրեալ լրահոս 25.03.2022 7:42
ՖՐԱՆՍԱ - «Երազ» փառատօնին հանդիսաւոր բացումը Մոն տը Մարսանի մէջ։ Human Rights Watch.– Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները սառնամանիքի մէջ մնացած են առանց ջեռուցման։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 24 - ձայնագրեալ լրահոս 24.03.2022 4:35
հայկական ընկերութիւնը ներկայացուցած է իր արտադրած նոր անօդաչու սարքը։ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ - Հայոց ցեղասպանութեան մասին յոյն պատմաբանի գիրքին շնորհահանդէսը՝ Աթէնքի մէջ։ Նարինէ Նազարեան «Արմէնփրէս»-ի տնօրէնուհի նշանակուած է։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ՝ Ստեփանակերտի մէջ։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 22 - ձայնագրեալ լրահոս 22.03.2022 10:52
Ազէրպայճան, Շուշիի մէջ, ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ նշած է Կազմակերպութեան անդամակցութեան 30-ամեակը - Հայկական կողմը բուռն կերպով հակազդած է։ 2022-ի Եւրոտեսիլին Հայաստանը կը ներկայացնէ Ռոզա Լին։ Հայկական յայտագիր՝ Մոնթէ-Գառլոյի փառատօնին։ Ուքրաինայի պատերազմի հայ զոհերուն թիւը հասած է 11-ի։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 19 - ձայնագրեալ լրահոս 19.03.2022 4:01
ԱԼՖՈՐՎԻԼ - Հանդիսաւոր Բացում՝ Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսին։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - ԱՀ նախագահի խորհրդականները այցելած են «Դպրոցասէր» եւ «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանները։ Իսրայէլի մէջ նորանշանակ դեսպան Արման Յակոբեան այցելած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան։
«Նոր Յառաջ» 2022 Մարտ 17 - ձայնագրեալ լրահոս 17.03.2022 4:24
Աշխատանքային այցով Ֆրանսա կը գտնուին Արցախի նախագահի խորհրդականները։ Ազէրպայճան հրապարակած է Հայաստանին կատարուած հինգ առաջարկները։ ԵՄ-ի ներկայացուցիչը Երեւանի մէջ քննարկած է Արցախի կազատարին եւ հրադադարի խախտումներուն առնչուող հարցերը։
Similar podcasts
Replaio is not a podcast publisher; show names, artwork and audio belong to their authors and are distributed through public RSS feeds.