Radio Vaticana - Vatican News
Այսօրուան հաղորդումը
Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը, Վատիկանեան տեղեկութիւններ, լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն եւ յատուկ հաղորդումներ։
Autor
Radio Vaticana - Vatican News
Kategorie
Podcast-Website
Neueste Folge
10. Jul 2026
Wo hören?
Podcasts in der App Replaio Radio Bald verfügbarPodcasts kommen bald in die App. Installiere sie jetzt und erlebe als Erster einen ganz neuen Blick auf Podcasts
Folgen
Հայերէն Հաղորդում 10.07.2026 10.07.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ պիտի ճաշէ 200 կարիքաւոր անձերու հետ - Կարիքաւորներուն սատարող բարեսիրական նոր ցանց Հռոմի մէջ - Կարդինալ Փիցապալլա․ Խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը երկար է, բայց պէտք է շարունակել յոյսը կենդանի պահել - Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (95)
Հայերէն Հաղորդում 09.07.2026 09.07.2026 18:59
Սուրբ Աթոռ. զօրակցիլ ընտանիքին՝ որպէս զարգացման եւ դիմադրողականութեան հիմնասիւն - Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին տեսողական ժառանգութիւնը կը թուայնացուի - Ռիմինիի հանդիպումը՝ ներշնչուած «Magnifica Humanitas» շրջաբերականէն եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութեամբ - ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը 69)
Հայերէն Հաղորդում 08.07.2026 08.07.2026 18:57
Լեւոն ԺԴ. Պապին լսատեսողական պատգամը Իրաքի երիտասարդներուն, Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը «AI for Good Summit 2026»-ի մասնակիցներուն, Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ եւ Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոյի զրոյցը, Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը։
Հայերէն Հաղորդում 07.07.2026 07.07.2026 18:59
Քասթել Կանտոլֆոյի Սուրբ Թովմաս Վիլանովացիի ծուխի քահանայ, սալեզեան Հայր Թատէուշ Ռոզմուսի հարցազրոյցը Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ, Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի այցելութիւնը Նիճերիայ, Երեք ամսուան ընթացքին աւելի քան 80 յարձակում քրիստոնեաներու դէմ Իսրայէլի մէջ, «Սահմաններից այն կողմ» հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 06.07.2026 06.07.2026 19:08
Լեւոն ԺԴ. Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւնը, Լեւոն ԺԴ Castel Gandolfo-ի մէջ. հանգիստի, աղօթքի եւ մարզանքի ժամանակաշրջան, Եկեղեցական գիտելիքներ հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 05.07.2026 05.07.2026 18:59
Գերյարգելի Հայր Գէորգ վարդապետ Զապարեանի խորհրդածութիւն, Կիրակնօրեայ աւետարանի ընթերցումն ու մեկնաբանութիւնը, «Ժողովրդական երգեր» հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 04.07.2026 04.07.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Լամփետուզա կատարած առաքելական այցելութիւնը, «Վկաներու բազմութիւնը եւ հաւատքի մէջ տոկուն ըլլալը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Հայերէն Հաղորդում 03.07.2026 03.07.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ․ Պապը պարգեւատրուեցաւ Ազատութեան Մետալով, Ակրիճենթոյի արքեպիսկոպոս Ալեսսանտրօ Տամիանոյի հարցազրոյցը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ, Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը։
Հայերէն Հաղորդում 02.07.2026 02.07.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ․ Պապի Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, Լեֆեւրականներու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները. հրապարակուեցաւ նզովքի որոշումը, Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Քոլոմպիոյ հանրապետութեան նախագահը, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր նուիրուած հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 01.07.2026 01.07.2026 18:59
Յուլիս ամսուայ ընթացքին հրապարակային ունկնդրութիւնները ընդհատուած կը նկատուին - Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Վատիկան - «Թանկագին Ես Ինծի Համար...» - Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեան. - Կարդինալ Փիցապալլա. «Կազան աղէտի վերածուած է. Սուրբ Երկիրը մինակ մի՛ ձգէք»
Հայերէն Հաղորդում 30.06.2026 30.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումը, Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր նշանակումներ կատարեց Վատիկանի երեք վերատեսչութիւններուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. նոր ինքնագիր նամակով վերանայեց Հռոմի Թեմի կանոնադրութիւնը, «Սահմաններից այն կողմ» հաղորդաշարը։
Հայերէն Հաղորդում 29.06.2026 29.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը կառուցուի ճշմարտութեամբ եւ սիրով - Լեւոն ԺԴ.․ «Աստուած մեզի կը վստահի, որպէսզի յայտնուի Իր զօրութիւնը, որ չարը բարիի կը վերածէ» - Եկեղեցական գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (28 Յունիս - 5 Յուլիս 2026)
Հայերէն Հաղորդում 28.06.2026 28.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքն ու խորհրդածութիւնը, կիրակնօրեայ Աւետարանի խորհրդածութիւնը, Ժողովրդական երգեր հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 27.06.2026 27.06.2026 18:59
Կարդինալական արտակարգ Ժողով, Վենեզուելայի աւերիչ երկրաշարժէն ետք Քարաքասի արքեպիսկոպոս Ռաուլ Պիորդ Քասթիլիօ շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին, Լիբանանի պատերազմը կը սպառնայ ոչ միայն մարդկային կեանքերուն, այլեւ հազարամեայ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան, «Ո՞ւր են միւսները» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը։
Հայերէն Հաղորդում 26.06.2026 26.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. կարդինալներուն. «Ձեր աջակցութեան պէտք ունիմ, կը խնդրեմ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն» -Սիրոյ քաղաքակրթութիւն եւ մարդկային միութիւն. Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի պատգամը Կարդինալական Դասին - Այսօր կը սկսի 2026-ի Կարդինալական խորհրդակցական արտակարգ Բ. հաւաքը - Հակամարտութիւններու ընթացքին միշտ պէտք է պաշտպանուին մանուկներու կեանքն ու ապագան․ Սուրբ Աթոռ
Հայերէն Հաղորդում 25.06.2026 25.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապին Լողի միջազգային մրցաշարի մասնակիցներուն ուղղած խօսքը, Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Հիւսիսային Ամերիկայի Յիսուսեան Վարժարաններու ու Համալսարաններու Տնօրէններուն հետ, Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէքի եթոյթը, Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեանին նուիրուած Հաղորդաշարը։
Հայերէն Հաղորդում 24.06.2026 24.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը հզօր հակաթոյն է աշխարհը հարուածող բաժանումներուն դէմ» - Լեւոն ԺԴ. «Գրողները ճշմարտութեան, մարդասիրութեան եւ Աստուծոյ բացայայտման ծառայողներ են» - Կարդինալ Չերնի. «Ծովը միայն առեւտուրի ճանապարհ չէ, այլ մարդկային հանդիպման եւ եղբայրութեան վայր» - Կարդինալ Փարոլին. Հաւատքն ու քաղաքացիական գիտակցութիւնը՝ հասարակական խոր վերանորոգման երկու հիմնասիւներ
Հայերէն Հաղորդում 23.06.2026 23.06.2026 18:59
Յունիս 26-27-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ կարդինալական ժողով, Լեւոն ԺԴ. Պապին զրոյցը Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի «սահմանագիծերուն» հետ, Միօրեայ հաւաք` նուիրուած Ս. Մալոյեանի տօնին, «Սահմաններից այն կողմ» հաղորդաշարը։
Հայերէն Հաղորդում 22.06.2026 22.06.2026 18:59
Հակամարտութիւնները աւելի դիւրութեամբ կը «սնուցանուին», քան թէ մարդիկ կը կերակրուին․ Լեւոն ԺԴ․ - Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի «Ամառնային Պատանիներուն» ճամբարի մասնակցիներուն «Աստուած չ’ուզեր Սմարթֆոնին նայիլ, Ան կը Նայի մեր սիրտերուն» - «Լեւոն ԺԴ.․ «Բժշկութիւնը երբեք չի կրնար ծառայ դառնալ ծրագրուած մահուան» - ԼԵՎ-ի (LEV) հարիւրամեակ․ Լեւոն ԺԴ. կը հանդիպի աշխարհի չորս կողմէն ժամանած գրողներու - Եկեղեցական Գիտ...
Հայերէն Հաղորդում 21.06.2026 21.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքն ու կոչը, Կիրակնօրեայ աւետարանի ընթերցում, Ժողովրդական երգեր հաղորդաշարը, Կիրակնօրեայ աւետարանի խորհրդածութիւն։
Հայերէն Հաղորդում 20.06.2026 20.06.2026 18:59
Լեւոն Պապը Փաւիայի եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանոյի առաքելական այցելութիւնը, Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը Սթիւպընվիլի Երիտասարդական Համագումարներու 50ամեակին առթիւ, «Երանի սրտով մաքուրներուն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Հայերէն Հաղորդում 19.06.2026 19.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ տեղի ունեցած «Պորկօ Երկխօսութիւններ» ձեռնարկի մասնակիցներուն, Նորին Սրբութեան քարոզը կարդինալ Ռուինի Քամիլլօ-ի յուղարկաւորութեան առթիւ, Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի 20 նահատակ քահանաներ պիտի հռչակուին երանելի, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը՝ Ն.Վ. Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին, Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հո...
Հայերէն Հաղորդում 18.06.2026 18.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. ՊապինROACO-ի տարեկան ժողովի մասնակիցներուն պատգամը, Սրբազան Քահանայապետին Երուսաղէմի Հրէական Համալսարանի Վարչական Խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումը, Լեւոն ԺԴ. Պապը ցաւակցութիւնը Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի մահուան առթիւ, Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ ամեակի նուիրուած հաղորդաշարը
Հայերէն Հաղորդում 17.06.2026 17.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Քասթել Կանտոլֆոյի պապական ամառանոցին առջեւ լրագրողներու հետ ունեցած Քահանայապետին զրոյցը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց CEPROME-ի պատուիրակութիւնը, «Աստուածային փրկարար ծրագիրը՝ մեր սրբութիւնը» - Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի խորհրդածութիւնը։
Հայերէն Հաղորդում 16.06.2026 16.06.2026 18:59
Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի կեդրոնատեղին, Լեւոն ԺԴ. Պապին Աւստրիական 10-րդ Համաշխարհային Գագաթնաժողովին ուղղուած լսատեսողական պատգամը, «Սուրբ Պետրոս հրապարակ - Piazza San Pietro» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած Պապին պատասխանը, «Սահմաններից այն Կողմ» հաղորդաշարը
Ähnliche Podcasts
Replaio ist kein Herausgeber von Podcasts; die Namen der Sendungen, Cover und Audioinhalte gehören ihren Autoren und werden über öffentliche RSS-Feeds verbreitet